Շուէտի Թագաւորական Զինապալատին Մէջ կազմակերպուած են Հայաստանի Օրեր - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

08 Şubat 2016  

Շուէտի Թագաւորական Զինապալատին Մէջ կազմակերպուած են Հայաստանի Օրեր -

Շուէտի Թագաւորական Զինապալատին Մէջ կազմակերպուած են Հայաստանի Օրեր Շուէտի Թագաւորական Զինապալատին Մէջ կազմակերպուած են Հայաստանի Օրեր

Շուէտի հնագոյն թանգարանի` Թագաւորական զինապալատին մէջ կ՝իրականացուին Հայաստանի օրեր, որոնք կազմակերպուած են թանգարանի եւ Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան համատեղ ջանքերով:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Փետրուար 4-ին Սթոքհոլմի թագաւորանիստ պալատին մէջ տեղակայուած թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է «Հայ-շուէտական պատմական առնչութիւնները» խորագիրով դասախօսութիւն, որուն ներկայ եղած են Շուէտի թագաւորական արքունիքի անդամներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, Սթոքհոլմի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, մշակութային հաստատութիւններու ղեկավարներ, մտաւորականներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի անդամներ:

Դասախօսութեան ընթացքին ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի աւագ գիտաշխատող, հայ-շուէտական յարաբերութիւններու վերաբերեալ մենագրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ Արծուի Բախչինեանը ներկայացուցած է վաղ միջնադարէն մինչ 20-րդ դարու սկիզբը հայերու եւ շուէտներու միջեւ եղած պատմամշակութային փոխյարաբերութիւնները, տնտեսական եւ մշակութային առնչութիւնները, Շուէտի հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ ազդեցութիւն ունեցած հայ ազնուականներու, դիւանագէտներու եւ արքունի պալատականներու դերը: Արծուի Բախչինեանը նաեւ պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:

Հայաստանի օրերու ծիրէն ներս կազմակերպուած կեդրոնական ձեռնարկն է «Մետաքսի առեւտուրի հետքերով. հայ վաճառականները Քարլ 11-րդի արքունիքին մէջ» խորագիրով ցուցադրութիւնը: Անիկա նուիրուած է 1687-ի Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու կողմէն Շուէտի առաջին անգամ մետաքս ներկրելու պատմութեան: Շուէտ միապետի յատուկ դեսպան Լիւտվիկ Ֆաբրիցիուսի ուղեկցութեամբ անոնք այցելած են Սթոքհոլմ` «Մետաքսէ ճանապարհի» հիւսիսային հատուածի շուրջ բանակցութիւններ վարելու նպատակով, որ աւարտած է Քարլ 11-րդի հետ առեւտրական պայմանագրի ստորագրումով: Ատով հայ վաճառականները իրաւունք ստացած են արտօնեալ պայմաններով իրենց ապրանքները Ռուսաստանի ճանապարհով ներկրել Շուէտի եւ այնուհետեւ` եւրոպական այլ երկիրներ:

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած է պայմանագրի բնօրինակը, վաճառականներու կողմէն շուէտ միապետին նուիրաբերուած եօթ ոսկեպատ թուրերէն մէկը, հայ վաճառականներու արարողակարգային գաւազանը եւ այլ եզակի ցուցանմուշներ: Ցուցահանդէսը ներկայացուած պիտի ըլլայ ամբողջ 2016-ի ընթացքին:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+