ՀՀ ՊՆ-ն Կը Յայտարարէ Ընդունելութիւն Ուսումնական Հաստատութիւններու Մէջ - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

08 Şubat 2016  

ՀՀ ՊՆ-ն Կը Յայտարարէ Ընդունելութիւն Ուսումնական Հաստատութիւններու Մէջ -

ՀՀ ՊՆ-ն Կը Յայտարարէ Ընդունելութիւն Ուսումնական Հաստատութիւններու Մէջ ՀՀ ՊՆ-ն Կը Յայտարարէ Ընդունելութիւն Ուսումնական Հաստատութիւններու Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ 2016-2017 ուսումնական տարուան ՀՀ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական եւ Մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական թռիչքային ուսումնարաններու` արական եւ իգական սեռի դիմորդներու, ՌԴ եւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ ՊՆ պատուերով ՀՀ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի քոլեճին մէջ յատկացուած տեղերուն համար` միայն արական սեռի դիմորդներու ընդունելութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

ՌՈւՀ-երու ընդունելութեան կրնան մասնակցիլ ՀՀ եւ ԼՂՀ 18-23 տարեկան քաղաքացիները: ՀՀ ՊՆ պատուերով համալսարաններուն մէջ յատկացուած տեղերը կրնան ընդունուիլ ՀՀ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու աւագ դպրոցներու, իսկ քոլեճի մէջ յատկացուած տեղերուն` միջին դպրոցներու 2016 թուականի շրջանաւարտները:

ՀՀ ՊՆ ՌՈւՀ-երու դիմորդները համապատասխան հաստատութիւններ պէտք է ներկայացնեն «Մաթեմաթիք» եւ «քիմիագիտութիւն» առարկաներու, իսկ ՌԴ եւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու դիմորդները` ՀՀ ՊՆ քատրերու եւ ռազմական կրթութեան վարչութիւն, բացի նշուածէն, պէտք է ներկայացնեն նաեւ «ռուսերէն» առարկայի միասնական քննութեան վկայագիր:

Համալսարաններու եւ քոլեճի մէջ յատկացուած տեղերու ընդունելութեան մրցոյթը պիտի իրականացուի ընդհանուր հիմունքներով` ՀՀ Կառավարութեան որոշումով հաստատուած ընդունելութիւններու կարգերուն համաձայն:

Ընդունելութեան մասնակցիլ ցանկացող դիմորդները փաստաթուղթերու ձեւակերպման համար մինչեւ 2016 Մարտ 1 պէտք է դիմեն բնակութեան վայրի զինուորական կեդրոններ:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար զանգահարել 29-45-84, 29-45-73 հեռախօսահամարներով:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+