Անգարա Փորձած Է «Հայացնել» Նաեւ Տինքը Սպաննողները - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

14 Mart 2016  

Անգարա Փորձած Է «Հայացնել» Նաեւ Տինքը Սպաննողները -

Անգարա Փորձած Է «Հայացնել» Նաեւ Տինքը Սպաննողները Անգարա Փորձած Է «Հայացնել» Նաեւ Տինքը Սպաննողները

Էրմենիհապեր կը հաղորդէ, որ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով յարուցուած քրէական գործով նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են վերջերս: Արդարեւ, «Ակօս» կը գրէ, թէ փաստաթուղթէ մը պարզ դարձած է, որ սպանութենէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ հետախուզական մարմինները ուսումնասիրութիւն կատարած են` գիտնալու համար, թէ արդեօք Տինքի սպանութեան մէջ մեղադրուող անձեր հայկական ծագում ունի՞ն:

Ոճիրէն միայն 5 օր ետք թուագրուած, սակայն միայն 2015-ի հոկտեմբերին դատին կցուած այս փաստաթուղթը կը վկայէ այն մասին, որ սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթի եւ պատուիրատու Եասին Հայալի ծագման վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարուած է պետական արխիւներուն մէջ` հասնելով մինչեւ 1900-ականներու սկիզբ: Պարզուած է, որ վերոնշեալ անձերու տոհմերուն մէջ «հաւատափոխ» կամ «ոչ իսլամ» ոեւէ մէկը չէ եղած:

«Ակօս» նկատել կու տայ, որ սոյն ուսումնասիրութիւնը կը յառաջացնէ շատ կարեւոր, սակայն անպատասխան հարցադրումներ, որոնց շարքին են հետեւեալները.

Արդեօք թրքական պետական հետախուզական մարմինները իւրաքանչիւր յանցագործութեան պարագային կ՛ուսումնասիրե՞ն յանցագործին ծագումնաբանութիւնը, թէ այդ կ՛ընեն միայն այն ատեն, երբ յանցագործութեան թիրախը հայերն են:

Վերոնշեալ տեղեկութիւնը կը վկայէ, որ պետութիւնը ունի իւրաքանչիւր քաղաքացիի տոհմածառի քանի մը սերունդներուն վերաբերեալ համապարփակ տուեալներու արխիւ: Այդ տեղեկութիւնները ուրիշ ո՞ւր եւ ի՞նչ նպատակներով կ՛օգտագործուին:

Անցեալ շաբաթ յայտարարուած էր, թէ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ հաշուի առնուող ազգային գաղտնաթիւը արդէն իսկ վերցուած է պետական համակարգէն: Կարելի՞ է լրջօրէն հաւատալ այս պնդումին:

Ի՞նչ նպատակով իրականացուած է մեղադրեալներուն տոհմի ուսումնասիրութիւնը: Արդեօք եթէ պարզուէր, թէ յանցագործները եւս հայեր էին, պետութիւնը Տինքի սպանութիւնը պիտի վերագրէր հայկական սփիւռքի՞ն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+