Փենթակոն Կը Հաստատէ Ամերիկեան Ուժերու Հրամանատարին Հիւսիսային Սուրիա Այցելութիւնը - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

23 Mayıs 2016  

Փենթակոն Կը Հաստատէ Ամերիկեան Ուժերու Հրամանատարին Հիւսիսային Սուրիա Այցելութիւնը -

Փենթակոն Կը Հաստատէ Ամերիկեան Ուժերու Հրամանատարին Հիւսիսային Սուրիա Այցելութիւնը Փենթակոն Կը Հաստատէ Ամերիկեան Ուժերու Հրամանատարին Հիւսիսային Սուրիա Այցելութիւնը

Գամիշլիի մէջ քաղաքացիներու շարքին 5 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ քաղաքին կեդրոնին մէջ ճաշարանի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցաւ:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ՏԱՀԵՇ-ի անդամ մըն է, եւ կարելի եղած է վնասազերծել ՏԱՀԵՇ-ի երկու այլ անդամներ, որոնք կը պատրաստուէին նոյն վայրին մէջ իրենք զիրենք պայթեցնելու:

Միւս կողմէ, Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար Ճոզեֆ Վոթել կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է հիւսիսային Սուրիա:

Քրտական կայքեր հաղորդեցին, որ երկու օր առաջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան նախագահ Սալեհ Մուսլիմ Արաբ Բունարի գիւղական շրջանին մէջ հանդիպում ունեցած է Ուաշինկթընի ղեկավարած միջազգային դաշինքի մէկ ներկայացուցիչին հետ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած 12 հազար զինեալներու մասնակցութեամբ Ռաքքայի դէմ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծման շուրջ:

Մինչ այդ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները վերատիրացան Ռաքքայէն շուրջ 45 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Հայշա գիւղին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+