Ալիեւ Կը Հրաժարի Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Հանդիպումներուն Արդիւնքներէն - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

28 Haziran 2016  

Ալիեւ Կը Հրաժարի Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Հանդիպումներուն Արդիւնքներէն -

Ալիեւ Կը Հրաժարի Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Հանդիպումներուն Արդիւնքներէն Ալիեւ Կը Հրաժարի Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Հանդիպումներուն Արդիւնքներէն

Ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խումբ մը զինուորականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է. «Ազրպէյճանական կողմը մասնակցած է բանակցութիւններուն` չընդունելով որեւէ պայման: Վիեննայի հանդիպումը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ: Կը գտնեմ, որ ատիկա դրական արդիւնքներ ունեցած է: Այսինքն, հայկական կողմի յառաջ քշած պայմանները չեն ընդունուած: Վիեննայի մէջ ազրպէյճանական կողմը ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրած է: Ուղղակի համանախագահող երկիրները կատարած են յայտարարութիւն մը, ատիկա իրենց յայտարարութիւնն է:

«Մենք դրական կը գնահատենք Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումը: Մենք բանակցութիւններու կ՛երթանք` չընդունելով որեւէ պայման: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ քննարկուած է ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի 6 աշխատակիցներուն թիւը 2-2,5 անգամ մեծցնելու հարցը: Այստեղ խօսք չկայ մեծ առաքելութեան մասին: Չի փոխուիր նաեւ գրասենեակին լիազօրութիւնը: Ինչ կը վերաբերի հայերուն կողմէ յառաջ քշուած միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմին, եթէ իմաստը այն է, որ տագնապը սառեցուի եւ որոշ լրացուցիչ միջոցներ ձեռնարկուին շփման գիծին վրայ, ապա Ազրպէյճանը, ի հարկէ, ատոր պիտի չդիմէ: Ատիկա կարելի է այն պարագային, եթէ բանակցային հոլովոյթին մէջ դրական ընթացքը շարունակուի, մենք շօշափելի արդիւնքներ տեսնենք: Այդ ժամանակ, ի հարկէ, կրնան տարբեր մեքանիզմներ մշակուիլ, ինչպէս նաեւ կրնայ քննարկուիլ այդ հարցը:

«Ազրպէյճանական կողմը եւ անձամբ ես բազմիցս ըսած ենք, որ մենք կրնանք տուեալ տագնապը լուծել կարգաւորել միայն փուլային ճանապարհով, որովհետեւ այլ ձեւ կարելի չէ: Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին, ապա ատիկա ապագայի գործ է: Ի հարկէ, որոշակի կարգավիճակ կրնայ ըլլալ: Ազրպէյճանի կազմին մէջ գոյութիւն ունի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն: Անիկա ունի ինքնավարութեան կարգավիճակ: Եւրոպայի մէջ, այլ երկիրներու մէջ կան յառաջդիմական եւ տարբեր կարգավիճակներ: Սակայն, այդ կարգավիճակը պէտք չէ խախտէ մեր երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+