Փութին. «Սուրիան Ահաբեկչութեան Դէմ Կռուի Դաշտ Է Եւ Անոր Ճակատագիրը Կրնայ Ճշդել Շրջանի Ապագան» - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

01 Temmuz 2016  

Փութին. «Սուրիան Ահաբեկչութեան Դէմ Կռուի Դաշտ Է Եւ Անոր Ճակատագիրը Կրնայ Ճշդել Շրջանի Ապագան» -

Փութին. «Սուրիան Ահաբեկչութեան Դէմ Կռուի Դաշտ Է Եւ Անոր Ճակատագիրը Կրնայ Ճշդել Շրջանի Ապագան» Փութին. «Սուրիան Ահաբեկչութեան Դէմ Կռուի Դաշտ Է Եւ Անոր Ճակատագիրը Կրնայ Ճշդել Շրջանի Ապագան»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Սուրիան ահաբեկչութեան դէմ կռուի դաշտ է եւ անոր ճակատագիրը կրնայ ճշդել շրջանի ապագան»: «Մենք սուրիական բանակցութիւններուն նախաձեռնեցինք եւ տակաւին քաղաքական լուծումէն շատ հեռու ենք», ըսաւ ան:

«Սուրիական բանակցութիւնները միջազգային գործակցութեան եւ միատեղ աշխատանքի կարեւորութեան օրինակ են, որովհետեւ Արեւմուտքի կարծր ուժ օգտագործելը պատճառ դարձաւ ահաբեկիչներու յայտնուելուն, եւ մենք ատոր հետեւանքները տեսանք Լիպիոյ մէջ», յայտնեց Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «ՕԹԱՆ-ը իր գոյութեան պատճառները միայն չի փնտռեր, այլ երեւակայածին պատրուակներ կ՛օգտագործէ մեր սահմաններուն վրայ իր գործունէութիւնը ընդլայնելու»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Քինշաք յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը Սուրիոյ տագնապին վրայ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+