Քերրի Ռուսիոյ Եւ Ասատին Յորդորած Է Սուրիոյ Մէջ Յարձակումներէն Հրաժարիլ - Հայերէն
30 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

03 Ağustos 2016  

Քերրի Ռուսիոյ Եւ Ասատին Յորդորած Է Սուրիոյ Մէջ Յարձակումներէն Հրաժարիլ -

Քերրի Ռուսիոյ Եւ Ասատին Յորդորած Է Սուրիոյ Մէջ Յարձակումներէն Հրաժարիլ Քերրի Ռուսիոյ Եւ Ասատին Յորդորած Է Սուրիոյ Մէջ Յարձակումներէն Հրաժարիլ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 1 օգոստոսին յայտարարած է, թէ Ռուսիան պէտք չէ Սուրիոյ մէջ յարձակումներ գործէ եւ պարտաւոր է ճնշում բանեցնել նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ, որպէսզի ան ալ հրաժարի այդ գործողութիւններէն:

Ան աւելցուցած է, որ իրենց ալ պարտաւորութիւնն է ճնշում բանեցնել սուրիական ընդդիմութեան վրայ, որպէսզի վերջինս իր կարգին հրաժարի յարձակումներէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Մոսկուայի եւ Դամասկոսի գործողութիւնները մտահոգութիւն կը պատճառեն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քերրի ըսած է. «Ասոնք կարեւոր օրեր են` որոշելու համար, թէ Ռուսիան ու Ասատի վարչակարգը արդեօք պիտի հետեւի՞ն ՄԱԿ-ի (Ապահովական խորհուրդի բանաձեւին)»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Քերրի նաեւ մատնանշած է զինադուլի պահպանման եւ Ժընեւի մէջ սուրիական ընդդիմութեան հետ բանակցութիւններու վերսկսման համար պայմաններու ստեղծման կարեւորութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+