Մահացած է Ցեղասպանութեան մասին գրած թուրք հեղինակը՝ Վետաթ Թիւրքալի - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

02 Eylül 2016  

Մահացած է Ցեղասպանութեան մասին գրած թուրք հեղինակը՝ Վետաթ Թիւրքալի -

Մահացած է Ցեղասպանութեան մասին գրած թուրք հեղինակը՝ Վետաթ Թիւրքալի Մահացած է Ցեղասպանութեան մասին գրած թուրք հեղինակը՝ Վետաթ Թիւրքալի

Թուրք գրա­կա­նու­թեան վար­պետ­նե­րէն մէ­կը՝ ­Վե­տաթ ­Թիւր­քա­լի կեան­քէն հե­ռա­ցած է 97 տա­րե­կա­նին: Ան ­Թուր­քիոյ գրա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր ա­նուն է։ 29 Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ւօ­տեան ­Վե­տաթ ­Թիւր­քա­լին մա­հա­ցած է Եա­լո­վա­յի պե­տա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ: 97ա­մեայ գրո­ղի մա­հո­ւան լու­րը յայտ­նած է ա­նոր դուստ­րը՝ դե­րա­սա­նու­հի ­Տե­նիզ ­Թիւր­քա­լի:

Թիւր­քա­լի ծնած է 13 ­Մա­յիս 1919ին ­Սամ­սու­նի մէջ, ա­ւար­տած է ­Սամ­սու­նի ա­ւագ դպրո­ցը, ա­պա 1942ին՝ ­Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի թուր­քե­րէ­նի եւ գրա­կա­նու­թեան բա­ժի­նը:

Մալ­թե­փէի եւ ­Քու­լե­լիի զինուորա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ դա­սա­ւան­դած է գրա­կա­նու­թիւն, 1951ին իր քա­ղա­քա­կան կողմ­նո­րո­շում­նե­րուն հա­մար դա­տա­պար­տո­ւած է 9 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան։ 7 տա­րի բան­տար­կո­ւե­լէ ետք պայ­մա­նա­կա­նօ­րէն ա­զատ ար­ձա­կո­ւած է: ­Հիմ­նած է «­Գառ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը:

1960ին շար­ժա­պատ­կե­րի բնա­գա­ւա­ռին մէջ սկսած է քայ­լեր առ­նե­լու: 1965ին «Մ­թու­թեան մէջ արթն­ցող­նե­րը» ժա­պա­ւէ­նը Ան­թա­լիոյ «Ոս­կէ ­Նա­րին» շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նին ար­ժա­նա­ցած է ա­մէ­նէն լաւ բե­մագ­րու­թեան մրցա­նա­կին։ Ան շարք մը այլ բե­մագ­րու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ է նաեւ։

Թիւր­քա­լի ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թեան, քա­ղա­քա­կան քննար­կում­նե­րու ո­լոր­տին մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւէ: ­Նա­խա­պէս ­Թուր­քիոյ ­Հա­մայ­նա­վար ­Կու­սակ­ցու­թեան մաս կազ­մած ­Թիւր­քա­լի, իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին, ե­ղած է աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան պայ­քա­րի ա­ռա­ջին շար­քե­րուն մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+