Ասիզիի Մէջ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Խաղաղութեան Համագումարին - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

25 Eylül 2016  

Ասիզիի Մէջ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Խաղաղութեան Համագումարին -

Ասիզիի Մէջ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Խաղաղութեան Համագումարին Ասիզիի Մէջ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Խաղաղութեան Համագումարին

Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, 18-20 սեպտեմբեր 2016-ին, մասնակցեցաւ «Ծարաւ խաղաղութեան համար» միջազգային համագումարին, կազմակերպուած` Ումպրիայի եպիսկոպոսաց Ժողովին, Ասիզիի առաջնորդարանին, Ֆրանսիսքան միաբանութեան, Սենթ Էճիտիօ համայնքին եւ Ասիզիի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ:


Կիրակի առաւօտ քաղաքի Ս. Ֆրանչիսկոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան եւ Ս. պատարագի ընթացքին, Շահան արքեպիսկոպոս իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆրանսերէնով արտասանուած աղօթքի մը` Հալէպի ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման նուիրուած: Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը համագումարին:

Յաջորդ երկու օրերուն ընթացքին, փոքր խումբերու միջոցով մասնագիտական զանազան նիւթեր քննարկուեցան աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւնները կամ տագնապները եւ կատարուող խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները` քաղաքական թէ կրօնական, ինչպէս նաեւ` մարդկութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու ձեռք բերուած արդիւնքները:

Շահան սրբազան իր խօսքը արտասանեց անգլերէնով, ուր նախ վեհափառ հայրապետին ողջոյնը եւ բարեմաղթութիւնը փոխանցեց ներկաներուն: Ան ընդգծեց «Փրկենք Հալէպը» կոչին առնչութեամբ ճշմարտութեան յայտնաբերման կարեւորութիւնը, երկխօսութեան հիմնական նշանակութիւնը խաղաղութեան վերականգնման ճանապարհին վրայ եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներու ընթերցումով խաղաղութեան վերականգնում մաղթեց մարդկութեան ներկայ կեանքին մէջ:

Ֆրանչիսկոս պապին հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ համագումարի փակման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ասիզի քաղաքի մայր հրապարակին վրայ: Սրբազան հայրը առիթը ունեցաւ պապին փոխանցելու Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ճաշին գտնուեցաւ սրբազան քահանայապետին սեղանին վրայ: Աւարտին տեղի ունեցան աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման նուիրուած հաւաքական աղօթք, կրօններու պետերու ողջոյնի խօսքերու ու պատգամներու ընթերցում, պաշտօնական հաղորդագրութեան հրապարակում եւ խորհրդանշական մոմավառութիւն` յատկապէս Սուրիոյ եւ Հալէպի համար:

Սրբազան հայրը Անթիլիաս վերադարձին վեհափառ հայրապետին զեկուցեց խաղաղութեան նուիրուած համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած մասնակցութեան մասին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+