Նշմար. Երեք Նկատումներ - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

28 Eylül 2016  

Նշմար. Երեք Նկատումներ -

Նշմար. Երեք Նկատումներ Նշմար. Երեք Նկատումներ

1.- «Ակօս» հաղորդեց, որ Տերսիմի Փերթիկ գաւառին մէջ հարսանիքի մը ընթացքին քրտերէն երգեր կատարելու պատճառով ձերբակալուած են երաժշտական խումբի մը անդամները` «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն»-ը կատարելու մեղադրանքով: Գաւառի ոստիկանութեան` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքին մէջ հարցաքննութեան ընթացքին անոնց հարց տրուած է, թէ իրենց կատարած երգերուն մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան քարոզչութիւն կատարա՞ծ են, թէ՞ ոչ:

Ըստ երեւոյթին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ պայքար յայտարարուած է քրտերէն երգերուն դէմ: Ոստիկանութեան քայլը թերեւս բացայայտումն է քրտերէն երգերը արգիլելու չյայտարարուած որոշումի մը: Այսուհետեւ մարդիկ պիտի զգուշանան իրենց հարսանիքներուն կամ կազմակերպած հանդէսներուն ընթացքին քրտերէն երգերու կատարում պատուիրելէ, որպէսզի ոստիկանութիւնը յանկարծ չխափանէ իրենց հարսանեկան խնճոյքը կամ ձեռնարկը: Երաժիշտները իրենց կարգին պիտի զգուշանան «գլխացաւ պատճառող» այդ երգերը կատարելէ:

2.- «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները արգիլած են Եւրոպական խորհրդարանի նախկին անդամ եւ տարիներէ ի վեր թրքական «Թուտէյզ Զաման»-ի սիւնակագիր եղող Եուսթ Լակընտիյքի մուտքը Թուրքիա, ուր ան իր թուրք կնոջ հետ կը բնակի երկար ժամանակէ ի վեր:

Լակընտիյք կիւլենական «Թուտէյզ Զաման»-ի սիւնակագիր եւ 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձէն ետք իշխանութիւններուն կողմէ փակուած Սիւլէյման Շահ համալսարանին մէջ դասախօս էր: «Լրջագոյն յանցանքներ», որոնց համար այլ անձ մը տեղւոյն վրայ պիտի ձերբակալուէր, սակայն շնորհիւ իր օտարահպատակ եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին անդամ ըլլալուն` ան փրկուած է: Իշխանութիւնները բաւարարուած են զայն ստիպելով Պոլիսէն Ամսթերտամ վերադառնալ:

3.- Ըստ թրքական «Ենի Աքիթ» թերթի կայքին, Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտնած է, որ իրականութեան մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձը բռնագրաւման փորձ մըն էր, որուն նպատակն էր Թուրքիոյ հողերը բաժնել ու տալ երկու պետութիւններու` Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի:

Զէյպեքճիի այս անհեթեթ յայտարարութեան նպատակը հանրութեան լուսաբանումը կամ տեղեկութեան մը բացայայտումը չէ, այլ` իշխանութիւնները իբրեւ «փրկարարներ» ներկայացնելն ու ձեռնարկուած արշաւին ստալինեան հալածանքներու եւ «վհուկներու որս»-ի մէկ դասական օրինակը ըլլալու իրականութիւնը նենգափոխելը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+