Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Շարունակելու Բանակցութիւնները Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

30 Eylül 2016  

Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Շարունակելու Բանակցութիւնները Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ -

Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Շարունակելու Բանակցութիւնները Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Շարունակելու Բանակցութիւնները Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Մարք Թոնըր

ՌԻԱ Նովոսթի կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող որոշակի բարդութիւններուն, Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են շարունակելու բանակցութիւնները Թուրքիոյ հետ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ:

Կողմերը այդ հարցերը պիտի քննարկեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էնթընի Պլինքընի Թուրքիա այցելութեան ժամանակ:

«Մենք պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ համակարգման աշխատանքները, զորս սկսած ենք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: Ինչպէս գիտէք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էնթընի Պլինքին կը գտնուի Թուրքիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ կառավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներու եւ զինուորականներու հետ: Մենք պիտի աշխատինք Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ մէջ օդային գործողութիւններու ժամանակ բախումներէն խուսափելու, թուրք-սուրիական սահմանին անվտանգութիւնը համակարգելու եւ ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու ուղղութեամբ», ըսած է Թոնըր:

Միւս կողմէ, Պլինքին աւելի ուշ յայտարարեց, որ «Թուրքիա այցելութեանս ընթացքին մեր թուրք գործընկերներուն հետ քննարկեցինք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու մեր ապագայ ծրագիրները»` աւելցնելով, որ Ռաքքան եւ Մուսուլը ազատագրելու գործողութեան ձեւն ու անոր մասնակիցներուն հարցը տակաւին քննարկումի ենթակայ են:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+