Եուքոմ-Ի Աջակցութեամբ Կողբ Գիղին Մէջ Նոր «ԹՈՒՄՕ» Կեդրոն Կը Կառուցուի - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

30 Eylül 2016  

Եուքոմ-Ի Աջակցութեամբ Կողբ Գիղին Մէջ Նոր «ԹՈՒՄՕ» Կեդրոն Կը Կառուցուի -

Եուքոմ-Ի Աջակցութեամբ Կողբ Գիղին Մէջ Նոր «ԹՈՒՄՕ» Կեդրոն Կը Կառուցուի Եուքոմ-Ի Աջակցութեամբ Կողբ Գիղին Մէջ Նոր «ԹՈՒՄՕ» Կեդրոն Կը Կառուցուի

Հայաստանի մէջ վերջերս սկսաւ «Կողբ-ԹՈՒՄՕ» նախագիծի գործադրութիւնը: Շնորահանդէսի ընթացքին «Կողբ» հիմնադրամի տնօրէն Արթուր Աբովեան եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ներկայացուցին «Թումօ-Կողբ» նախագիծիՆ մանրամասնութիւնները: Ըստ անոնց, Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղին մէջ պիտի կառուցուի առնուազն 600 ուսանողի համար նախատեսուած նոր «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն, որ պիտի ծառայէ նաեւ սահմանամերձ Նոյեմբերեան, Բերդաւան եւ այլ շրջաններու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:

Կեդրոնի կառուցումը պիտի սկսի նոյեմբերին, իսկ ուսումնական հոլովոյթը` 2018 թուականին: Կրթական ծրագիրը պիտի չտարբերի Երեւանի, Դիլիջանի, Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի «Թումօ»-ներուն մէջ գործադրուող ծրագիրէն, իսկ դասաւանդող անձնակազմը եւ միջազգային մասնագէտները պիտի շարունակեն փոխանակել իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները նաեւ այստեղ:

«Վերջին տարիներուն «Եուքոմ» հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ կրթական համալիր ծրագիներ դպրոցական տարիքի երեխաներու համար: Քաջ գիտակցելով զանազան բնակավայրերու մէջ անոնց անհամաչափ կարելիութիւնները, մենք ուշադիր ենք յատկապէս բարձր արհեստագիտութիւններու սահմանափակ մատչելիութեամբ բնակավայրերու նկատմամբ: Իբրեւ հայկական ընկերութիւն` «Եուքոմ» այսօր բոլոր ջանքերը կ՛ուղղէ հայրենիքի, հայ մարդու եւ մասնաւորապէս` հայ պատանիներու զարգացման», ըսաւ «Եուքոմ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հայկ Եսայեան:

«Կողբ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան ըսաւ. «Օրեր առաջ նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը: Այս նախաձեռնութիւնը նոր քայլ մըն է մեր պետութեան անկախութեան ամրապնդման ուղղութեամբ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+