Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

04 Ekim 2016  

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ -

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ

Վերահսկուողէն անձեւ քաոսի անցումի նախադրեալները կը յուշէին ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք արձանագրուեցան Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, անցեալ օրերուն։

Համաձայնեցուած զինադուլը անպայման պիտի ընդհատուէր, ռուս_ամերիկեան ո՛չ միայն յայտարարողական, այլ նաեւ գետնի վրայ ռազմական միջնորդաւորուած երեւոյթով, անուղղակի, ըստ էութեան ուղղակի, բախումներու հետեւանքով։

Ամբողջ խնդիրը կը կեդրոնանար այն պահանջին վրայ, որ անընդատ ռուսերը կ՛արծարծէին` տարանջատել ընդդիմադիր զինեալները ահաբեկչական խմբաւորումներէն։ Դէպքերը այնպէս կ՛ընթանային, որ հակակառավարական ուժերու գրոհներու պահերուն մշուշ կը ստեղծուէր զինեալ տարրերու ինքնութեան վրայ, անոնց պատկանած կազմակերպութիւններուն առումով։

Իրադրութիւնները կը յուշէին, որ ՏԱՀԵՇ-ը տակաւին իբրեւ գործիք գործառոյթ ունէր իրականացնելիք՝ արգելակելու համար կառավարական ուժերու յառաջխաղացքը կամ անոնց կողմէ ռազմավարական նոր գօտիներ նուաճելու գործընթացը։

Ռուսական կործանիչներու գործողութիւնները կեդրոնացան Հալէպ քաղաքին վրայ՝ շրջանը ամբողջ մաքրելու ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն եւ ազդեցութենէն։

Փաստօրէն ամիսներ առաջ ռուսական զինուժին կողմէ յայտարարուած սուրիական տարածքներէ հեռանալու յայտարարութիւնը այս ձեւով արմատապէս եւ գործնապէս չեղեալ կը նկատուէր։ Ռուսերը կը շարունակեն վերահսկել սուրիական ծովեզերքը իրենց ռազմանաւերով, Դամասկոսը, ռազմավարական այլ կարեւոր տարածքներ եւ հիմա ալ որոշած են ՏԱՀԵՇ-էն մաքրել սուրիական կարեւորագոյն քաղաքը։

Լափիրինթոսային իրավիճակ ստեղծուած է այս առումով։ Մէկ կողմէ Անգարան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կ՛ուզէ ստեղծել անվտանգութեան գօտի, կը ներխուժէ Ճարապլոս եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմելու պատրուակով չէզոքացման գործողութիւններ կ՛իրականացնէ քիւրտերու դէմ. միւս կողմէ՝ Ուաշինկթընը թոյլ չի տար ,որ Անգարան անարգել իրականացնէ իր զինուորաքաղաքական առաջադրանքը,. Ան թէ՛ կը զսպէ քիւրտերուն յառաջխաղացքը եւ թէ՛ միաժամանակ քրտական խաղաթուղթը կ՛օգտագործէ Թուրքիոյ դէմ։

Մինչ Մոսկուան մերձեցման եւ թէկուզ կարճաժամկէտ համաձայնութիւններով կ՛արտօնէ Թուրքիոյ մուտքը Սուրիա. ասոր փոխարէն Անգարան կը համաձայնի Մոսկուայի հետ, որ վերջինը կեդրոնանայ Հալէպի վրայ։

Պատահական չէ, որ Անգարան համեմատաբար գէթ առ երեւոյթ աւելի կրաւորական պահուածք ունէր վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Եւ նոյնքան պատահական չէ, որ Անգարայի մօտ կանգնած զինեալ խմբաւորումներ իբրեւ քաղաքական առաջադրանք յայտարարած էին Սուրիոյ ապառուսականացման եւ ապաիրանացման կարգախօսը՝ այս անձեւ քաոսի ստեղծման ծրագիրին տալու համար դիմադրութեան շարժումի ծխածածկոյթ։

Երեւոյթները կը յուշեն, որ զինեալ ընդդիմութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տարանջատումը այս հանգրուանին պիտի չըլլայ։ Այլ՝ ՏԱՀԵՇ-ը գործիքաւորելու վարքագիծը պիտի շարունակուի որոշ ժամանակի համար։

Ամէնէն մշուշոտ դերը Անգարային կը վերաբերի։ Մէկ կողմէ Մոսկուայի հետ մերձեցած Անգարան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին պիտի շարունակէ ներառել քիւրտերը։ Ահա այստեղ է նաեւ, որ տարանջատումը յստակացնելու պահանջներ պէտք է դրուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անհաշտ պատերազմ յայտարարողներու կողմէ։ Անգարայի խաղը այս երկկողմանի լարախաղացութեամբ շուտով կը սպառի։ Հակառակ մերձեցումներուն եւ հակառակ ներխուժման արտօնութիւններուն, Անգարայէն զատ ոչ մէկ ուժ իբրեւ ահաբեկչական միաւորներ կը նոյնացնէ ՏԱՀԵՇ-ն ու քիւրտերը։

Բարդ մեկնաբանելի այս իրավիճակը կը նշէ մէկ պարզ իրողութիւն։ Ստեղծման ընթացքի մէջ է անձեւ քաոս, որ գուցէ վերջնական ծրագիրի իրականացման համար անհրաժեշտ հանգրուան է։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+