Պաքուի Քաղաքականութեան Պատճառով Արցախի Մէջ Բազմաթիւ Հողեր Զրկուած են Ջուրէ. Ստեփանակերտ - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

11 Ekim 2016  

Պաքուի Քաղաքականութեան Պատճառով Արցախի Մէջ Բազմաթիւ Հողեր Զրկուած են Ջուրէ. Ստեփանակերտ -

Պաքուի Քաղաքականութեան Պատճառով Արցախի Մէջ Բազմաթիւ Հողեր Զրկուած են Ջուրէ. Ստեփանակերտ Պաքուի Քաղաքականութեան Պատճառով Արցախի Մէջ Բազմաթիւ Հողեր Զրկուած են Ջուրէ. Ստեփանակերտ

Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հետեւանքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարաւոր հեկտար կողեր զրկուած են ոռոգման ջուրէ, որ մարդու իրաւունքներու եւ պետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է ԼՂՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արտակ Բեգլարեան՝ մեկնաբանելով «Սարսանգի ջրամբարի սպառնալիք»ին մասին ռուսաստանցի քաղաքագէտ Սերգէյ Մարքովի յայտարարութիւնը:

«Ռուսաստանցի քաղաքագէտին յայտարարութիւնը անհեթեթներու շարքէն է: Որքան յայտնի է, քաղաքագէտները սովորաբար ջրամբարներու հարցերով ճարտարագիտական մասնագէտներ չեն, մասնաւորապէս, եթէ երբեք չեն տեսած այդ ջրամբարը: Այդ պատճառով ակնյայտ է, որ յայտարարութիւնը բացարձակապէս անհիմն է, պարզապէս քարոզչական յայտարարութիւն` եղած որոշ նպատակներով, ո՛չ աւելին:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը բազմիցս յայտարարած է, որ Սարսանգի ջրամբարը որեւէ զգալի ճարտարագիտական խնդիր չունի, մեր մասնագէտները, պարբերաբար, անոր վիճակին վերաբերեալ հսկողութիւն կ՝իրականացնեն: Աւելին, Սարսանգի մէջ արդէն կ՝աշխատի երեք ջրակայան, որոնք կ՝ապահովեն բնակչութեան ելեկտրականութիւնը: Եթէ ոեւէ մէկը կասկածներ ունի Սարսանգի ջրամբարի ամբարտակին ամրութեան վերաբերեալ, կրնայ այցելել Արցախ եւ անձամբ համոզուիլ, որ ԼՂՀ իշխանութիւնները հոգ կը տանին մեր կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկուն անվտանգութեան անհրաժեշտ պայմաններուն հետեւելուն:

Ռուսաստանցի քաղաքագէտը պէտք է հասկնար, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի բանալ Սարսանգի իր հատուածը, որպէսզի ջրամբարէն ջուր մատակարարուի ինչպէս իր տարածք, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի մշակուող տարածքներ: Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հետեւանքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարաւոր հեկտար կողեր զրկուած են ոռոգման ջուրէն, որ մարդու իրաւունքներու եւ պետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է»,- ընդգծած է Արտակ Բեգլարեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+