Սահմանդ Գիտցի՛ր. Իրաքի Մէջ Քու Գոռալդ Մեզի Համար Կարեւոր Չէ» Էրտողան Կ՛ըսէ Ապատիի - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

12 Ekim 2016  

Սահմանդ Գիտցի՛ր. Իրաքի Մէջ Քու Գոռալդ Մեզի Համար Կարեւոր Չէ» Էրտողան Կ՛ըսէ Ապատիի -

Սահմանդ Գիտցի՛ր. Իրաքի Մէջ Քու Գոռալդ Մեզի Համար Կարեւոր Չէ» Էրտողան Կ՛ըսէ Ապատիի Սահմանդ Գիտցի՛ր. Իրաքի Մէջ Քու Գոռալդ Մեզի Համար Կարեւոր Չէ» Էրտողան Կ՛ըսէ Ապատիի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բուռն կերպով քննադատեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատին` թրքական ուժերուն իրաքեան հողերուն վրայ գտնուելուն դէմ վերջինիս յայտարարութիւններուն համար:

Պոլսոյ մէջ Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսաւ. «Ոմանք մեզի կ՛ըսեն. «Մեր մակարդակին չէք», իսկ ես Իրաքի վարչապետին կ՛ըսեմ. «Սահմանդ գիտցի՛ր»: Թրքական բանակը իր արժէքը չկորսնցուց, որպէսզի իր ցուցմունքը ստանայ Իրաքի կառավարութեան վարչապետէն: Պիտի շարունակենք Պաաշիքայի մէջ մեր գործողութիւնները»:

Էրտողան ըսաւ, որ Ապատի զինք անձամբ կը վիրաւորէ, եւ խօսքը վերջինիս ուղղելով` ըսաւ. «Քեզի կ՛ըսեմ, որ դուն մրցակիցս չես, իմ մակարդակիս չես եւ Իրաքի մէջ գոռալդ մեզի համար բացարձակապէս կարեւոր չէ»:

Ան յայտնեց, որ իր երկիրը Իրաքի մէջ տեղի ունեցողին դիմաց չի կրնար դիտողի դերին մէջ մնալ եւ իր ականջները փակել:

Էրտողան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիան կը քննադատեն, երբ ուրիշներ իրենց սահմաններէն հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռաւորութեան վրայ զինուորական գործողութիւններ կը կատարեն, եւ ոչ ոք կը միջամտէ:

Միւս կողմէ, շիի աշխարհազօրայիններու բանբեր Ճաւատ Թիլպաուի «Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Պաաշիքայէն թուրք զինուորներու չքաշուելու պարագային իրենք պատրաստ են յարձակման: «Մուսուլի թրքական միաւորումները օրինական թիրախ պիտի նկատուին: Թուրք զինուորներուն հետ պիտի վերաբերինք այնպէս, ինչպէս ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման հետ», ըսած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+