Էրտողան. «Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Խրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան Եւ Այլ Եղբայրական Շրջաններ Մեր Հետաքր - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

21 Ekim 2016  

Էրտողան. «Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Խրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան Եւ Այլ Եղբայրական Շրջաններ Մեր Հետաքր -

Էրտողան. «Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Խրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան Եւ Այլ Եղբայրական Շրջաններ Մեր Հետաքր Էրտողան. «Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Խրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան Եւ Այլ Եղբայրական Շրջաններ Մեր Հետաքրքրութիւններու Շրջագիծին Մէջ Են»

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռիզէ քաղաքի (պատմական Տայք) համալսարանին մէջ խօսք մը արտասանելով` ուղղակիօրէն յայտարարած է. «Մեր երկրին 79 միլիոն բնակիչներէն բացի գոյութիւն ունին եւս միլիոնաւոր եղբայրներ, որոնք կ՛ապրին այլ աշխարհագրական շրջաններու մէջ, որոնց հետ մենք պատմական կապեր ունինք: Մեր հետաքրքրութիւններու շրջագիծին մէջ կը մտնեն Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Խրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան եւ այլ եղբայրական շրջաններ: Երբ Թուրքիան կորսնցնէ իր անկախութիւնը եւ իր ապագան, այն ատեն պիտի կորսնցնենք հետաքրքրութիւնը այդ տարածքներուն նկատմամբ»:

Էրտողան 15 հոկտեմբերին նաեւ յայտարարած է. «Բազմաթիւ պատմաբաններ կը նկատեն, որ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ պէտք է մտնեն Կիպրոսը, Հալէպը, Մուսուլը, Էրպիլը, Քերքուքը, Պաթումը, Թեսաղոնիկէն, Վառնան, Արեւմտեան Թրակիան եւ Եգէական ծովու կղզիները»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+