Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Պատրիարքին Եւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին Ներկայացուցիչները - Հայերէն
01 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արեգ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

29 Ekim 2016  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Պատրիարքին Եւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին Ներկայացուցիչները -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Պատրիարքին Եւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին Ներկայացուցիչները Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Պատրիարքին Եւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին Ներկայացուցիչները

Անցնող երկու օրերուն ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ ընդունեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս պատրիարքին ներկայացուցիչը` մետրոպոլիտ Պիշոյը: Վերջինս վեհափառ հայրապետին փոխանցեց պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ ուզեց իր կարծիքը ունենալ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Արեւելեան ուղղափառ ընտանիքին ներքին դաւանական միութեան կարեւորութիւնը, գործակցութեան ճամբով աւելի ամրապնդելու կարիքը` նկատի ունենալով ներկայ ընկերութիւնը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդունեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին` Ճասթըն Ուելպիի ներկայացուցիչը` Կրեկորի եպիսկոպոսը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս եկեղեցին յուզող հարցերու ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անկլիքան եկեղեցւոյ գործակցութեան:

Երկու սրբազաններն ալ ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին: Թէ՛ հանդիպումներուն եւ թէ՛ ճաշին ներկայ եղաւ նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+