Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պէտք Է Գնահատուի Իբրեւ Յանցագործութիւն» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահը - Հայերէն
01 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արեգ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

02 Kasım 2016  

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պէտք Է Գնահատուի Իբրեւ Յանցագործութիւն» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահը -

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պէտք Է Գնահատուի Իբրեւ Յանցագործութիւն» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պէտք Է Գնահատուի Իբրեւ Յանցագործութիւն» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահը

Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթին Տըֆրէյն Պելճիքայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը նշած է, որ Պելճիքայի խորհրդարանը եւրոպական խորհրդարաններուն մէջ առաջիններէն մէկն էր, որ 1998-ին որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ուժեղ բանաձեւ մը: «Եւ մենք նոյնիսկ քայլեր կատարեցինք աւելի յառաջ երթալու եւ Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելու: Մենք բաւական կանուխ սկսանք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է գնահատուի իբրեւ յանցագործութիւն: Այն ժամանակ մենք չհասանք մեր նպատակին, սակայն ես կը կարծեմ, որ Պելճիքայի տարբեր մակարդակի խորհրդարաններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւերու որդեգրումով մենք պիտի հասնինք մեր նպատակի իրագործման», ըսած է ան:

Ան աւելցուցած է, որ խօսքը այն մասին չէ, որ խորհրդարանները պիտի թելադրեն պատմութիւնը, այլ ուղղակի անհրաժեշտ է պատմութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ դատապարտուին ցեղասպանութեան բոլոր արարքները:

«Մեր երկիրները պէտք է երթան դէպի ապագայ: Ես կը կարծեմ, որ մեր ժողովուրդները ունին նոյնանման արժէքներ, եւ ես նաեւ կը կարծեմ, որ մենք միասին կրնանք շարունակել այդ ճամբան», աւելցուցած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը:

Քրիսթին Տըֆրէյն նշած է, որ Եւրոպայի դռները Հայաստանի առջեւ միշտ բաց են: «Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական բարդ դիրքի մէջ, սակայն պէտք է ըսեմ, որ Եւրոպայի դռները միշտ բաց են բանակցութիւններու, որեւէ մարզի մէջ աշխատանքի եւ միասնական զարգացման համար: Պելճիքան ջանքեր պիտի չխնայէ` սատարելու Հայաստանին իր որոշումներուն մէջ», յայտնած է ան:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+