Իրաք Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի. «Իրաքը Մեր Եղբայրական Երկիրն Է, Իրաքի Ժողովուրդն Ալ` Մեր Եղբայր Ժողովո - Հայերէն
17 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Ասակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

03 Kasım 2016  

Իրաք Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի. «Իրաքը Մեր Եղբայրական Երկիրն Է, Իրաքի Ժողովուրդն Ալ` Մեր Եղբայր Ժողովո -

Իրաք Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի. «Իրաքը Մեր Եղբայրական Երկիրն Է, Իրաքի Ժողովուրդն Ալ` Մեր Եղբայր Ժողովո Իրաք Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի. «Իրաքը Մեր Եղբայրական Երկիրն Է, Իրաքի Ժողովուրդն Ալ` Մեր Եղբայր Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Անատոլու կը հաղորդէ, որ Թուրքիա դիւանագիտական դաշտին մէջ քայլերու կը ձեռնարկէ իր եւ Իրաքի միջեւ լարուածութիւնը կարգաւորելու համար:

«Իրաքը մեր դրացի երկիրն է, մեր եղբայրական երկիրն է: Իրաքի ժողովուրդն ալ մեր եղբայր ժողովուրդն է: Այն, թէ որքա՛ն կարեւոր է մեզի համար Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը, Պաղտատ լաւ գիտէ: Պաաշիքայի ճամբարը աւելորդ լարուածութիւն յառաջացուց: Բան մը, որ պէտք չէր տեղի ունենար: Սակայն մենք կը շարունակենք ստեղծուած կացութիւնը կարգաւորելու ուղղութեամբ դիւանագիտական դաշտին մէջ ջանքեր գործադրել», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական բանակը մեծ թիւով հրասայլեր եւ այլ սպառազինութիւն կը կուտակէ Իրաքի հետ սահմանին վրայ:

Կը նշուի, որ Շըռնաք եւ Կորճայք նահանգներուն մէջ կը նկատուին մեծ թիւով կուտակումներ սպառազինութեան, որ այստեղ կ՛ուղարկուի երկրի կեդրոնական շրջաններէն` Քոնիայէն, Անգարայէն եւ Քիւթահիայէն: «Սքայ Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիա յաւելեալ հրասայլեր ուղարկած է Իրաքի հետ իր սահմանը:

Նախապէս Թուրքիոյ փոխվարչապետ, կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած էր, որ Թուրքիան խորապէս մտահոգուած է Մուսուլի ազատագրման գործողութեան շիիներու Ժողովրդային զօրախումբի հաւանական մասնակցութեան առնչութեամբ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտարարած էր, որ եթէ շիիական խմբաւորումները մուտք գործեն թիւրքմեններով բնակուած գիւղեր, ապա Թուրքիոյ պատասխանը պիտի չուշանայ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իրաքեան կողմը չ՛ուզեր Թուրքիոյ հետ պատերազմիլ, սակայն պատրաստ է ատոր:

«Իրաքի բռնագրաւումը Թուրքիոյ մասնատման պատճառ պիտի դառնայ: Չենք ուզեր Թուրքիոյ դէմ պատերազմի փաստին առջեւ յայտնուիլ: Սակայն եթէ դէմ առ դէմ դուրս գանք, ապա ատոր պատրաստ պիտի ըլլանք: Այդ ժամանակ Թուրքիան թշնամի պիտի որակենք անոր հետ եւ ըստ այնմ վերաբերինք», ըսած է Իրաքի վարչապետը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+