Շարժայի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կապերու Աշխուժացման Վերաբերող Ծրագիրներ - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

12 Kasım 2016  

Շարժայի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կապերու Աշխուժացման Վերաբերող Ծրագիրներ -

Շարժայի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կապերու Աշխուժացման Վերաբերող Ծրագիրներ Շարժայի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կապերու Աշխուժացման Վերաբերող Ծրագիրներ

10 նոյեմբերին Շարժայի կառավարիչ շէյխ Սուլթան պըն Մոհամետ ալ Քասիմիի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Շարժայի շէյխին կողմէ Հաղարծինի համալիրի նորոգութիւնը միջկրօնական երկխօսութեան լաւագոյն դրսեւորում էր:

Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատած է Շարժայի կառավարիչ շէյխին անձնական մեծ ներդրումը շարք մը մարզերու մէջ` Հայաստան-Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը խորացնելու առումով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութեամբ անդրադարձած է շէյխին անմիջական աջակցութեամբ Հաղարծինի վանական համալիրի հիմնովին վերանորոգութեան ու համալիրին կից վանատան կառուցման` ընդգծելով, որ տարիներ առաջ շէյխին Հայաստան կատարած այցելութիւնը իր կարեւոր դրոշմը ունեցած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ, եւ վերոնշեալ օրինակելի ու աստուածահաճոյ քայլը միջկրօնական երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան լաւագոյն դրսեւորում էր:

Նախագահը գնահատելի նկատած է նաեւ Շարժայի մէջ Հայաստանի առեւտրատնտեսական կեդրոն բանալու առումով շէյխ Սուլթան պըն Մոհամետ ալ Քասիմիի ունեցած անմիջական դերակատարութիւնը եւ երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ու հետագայ խորացման տեսանկիւնէն շատ կարեւոր նկատած է այդ քայլը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ կեդրոնը իր առաւել աշխուժ գործունէութեամբ պիտի նպաստէ երկկողմանի տնտեսական կապերու զարգացման:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ հաստատուած ուղիղ թռիչքներուն առաջինը Շարժա-Երեւան-Շարժա ուղեւորութիւնն էր, որուն ներկայ պարբերականութիւնը խօսուն կերպով կը վկայէ փոխադարձ հետաքրքրութեան յաւելման մասին:

Շարժայի կառավարիչ շէյխին հետ հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը խօսած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներդրումային եւ զարգացման տարբեր հիմնադրամներուն հետ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու Հայաստանի փափաքին մասին, որուն իրագործման նպատակով արդէն կարգ մը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են այցելութեան ծիրին մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+