Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

12 Kasım 2016  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Վատիկանի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս պապը հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց սրբազան պապին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակային երկու ելոյթներու ընթացքին` Վատիկանի ու Երեւանի մէջ, յիշած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցին քաջութիւնը պէտք է ունենայ ճշմարտութեան պաշտպանն ու ջատագովը դառնալու: Ֆրանչիսկոս պապը վերստին շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը` իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ յիշեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եղած է նահատակութեան պատմութիւն. սակայն եկեղեցին, կենդանի թէ արեան նահատակութեամբ, մնացած է կանգուն` հաւատարիմ իր աստուածատուր առաքելութեան. այսօր եւս, եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ կը մնայ յանձնառու իր կոչումին, շեշտեց վեհափառ հայրապետը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Վատիկանի մօտեցումին, որ մէկ կողմէ հիմնուած է քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, իսկ միւս կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութեան ու գործակցութեան վրայ: Սրբազան քահանայապետը իր կարգին ընդգծեց ընդհանրապէս միջկրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` յիշելով շուրջ շաբաթ մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական համագումարը, աւելցնելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման եւ անոնց վկայութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ուղղութեամբ Վատիկանի զօրակցութիւնը:

Խօսելով եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան մասին` Ֆրանչիսկոս պապը բաժնեց վեհափառ հայրապետին տեսակէտը, թէ յիշեալ հանդիպումներու օրակարգին մաս պէտք է կազմեն նաեւ ներկայ ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական խնդիրները:

Եկեղեցիներու միջեւ միութեան ամրապնդման հրամայականին անդրադառնալով` Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց սրբազան քահանայապետին Զատկուան տօնին միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն քրիստոնէական միութեան, եւ այս ուղղութեամբ անցեալին իր կատարած աշխատանքը` իբրեւ ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին: Ֆրանչիսկոս պապը ողջունելով վեհափառ հայրապետին գաղափարը, յայտնեց, թէ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին կաթողիկէ եկեղեցին բազմիցս շեշտած է նոյն գաղափարը եւ այսօր եւս համաձայն է Զատկուան տօնի միացեալ թուականի մը ճշդումին:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանը ունեցաւ իր նորընտիր նախագահը: Ֆրանչիսկոս պապը ուրախութեամբ ողջունեց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ շեշտեց Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ գոյակցութեան ու սերտ գործակցութեան հրամայականը:

Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը սրբազան քահանայապետին նուիրեց վերջերս հրատարակուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քաթալոկը` «The Armenian Catholicosate of Cilicia – History, Treasures, Mission»: Ֆրանչիսկոս պապը իր կարգին յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+