Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Չինաստան - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

14 Kasım 2016  

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Չինաստան -

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Չինաստան Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Չինաստան

Կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացման նպատակով 12-էն 15 նոյեմբերին Չինաստանի կրթութեան նախարարութեան հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի Չինաստան:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Միրզախանեան:

Նախատեսուած են հանդիպումներ Չինաստանի կրթութեան նախարարութեան, կրթութեան եւ գիտութեան մարզի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելութեան ընթացքին կը քննարկուին երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, երկկողմանի կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Յատկապէս, նախատեսուած են երկու երկիրներու համալսարաններուն միջեւ միջպետական համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ ուսանողներու փոխանակման ծրագիրի, ինչպէս նաեւ միջհամալսարանական նոր կապերու ստեղծման կարելիութեան վերաբերեալ քննարկումներ: Բացի ատկէ, տեղի պիտի ունենան` Փեքինի համալսարաններէն մէկուն մէջ հայերէնի` իբրեւ առանձին մասնագիտութեան ուսուցման կազմակերպման վերաբերեալ բանակցութիւններ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+