Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

14 Kasım 2016  

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել -

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել

«Թերթ. ամ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց գերմանական լրատուամիջոցներուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ` ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու եւ լրագրողներու զանգուածային ձերբակալութիւններուն պատճառով:

«Մենք Եւրոպական Միութեան մէջ պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչ տնտեսական պատժամիջոցներ կրնանք որդեգրել Թուրքիոյ դէմ: Այս տարուան վերջաւորութեան պէտք է տեղի ունենայ մաքսային միութեան բարեփոխումը: Ես չեմ կրնար պատկերացնել, որ ընդդիմութեան երեսփոխաններու եւ լրագրողներու զանգուածային ձերբակալութիւններէն ետք մենք պիտի ընդլայնենք մաքսային միութիւնը», ըսած է ան:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը աւելցուցած է, որ եթէ Թուրքիան վերականգնէ մահապատիժը, ապա այդ երկիրը այլեւս Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կարելիութիւն պիտի չունենայ:

Թուրքիոյ մէջ վերջերս ձերբակալուեցան խորհրդարանի տասնեակ քրտամէտ երեսփոխաններ: Նաեւ ձերբակալուած են ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի լրագրողները, ներառեալ գլխաւոր խմբագիրը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+