Գերմանիոյ Մէջ Թուրքերը Դժգոհ Են Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութեան Թեմայի Դասաւանդումէն - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

14 Kasım 2016  

Գերմանիոյ Մէջ Թուրքերը Դժգոհ Են Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութեան Թեմայի Դասաւանդումէն -

Գերմանիոյ Մէջ Թուրքերը Դժգոհ Են Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութեան Թեմայի Դասաւանդումէն Գերմանիոյ Մէջ Թուրքերը Դժգոհ Են Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութեան Թեմայի Դասաւանդումէն

Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք որոշ դպրոցներ իրենց ծրագիրներուն մէջ սեփական նախաձեռնութեամբ ցեղասպանութեան թեմայով դասեր ներառած են, ինչ որ դժգոհութիւն յառաջացուած է այդ երկրին մէջ բնակուող թուրքերուն մէջ:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական իշխանամէտ «Sabah» թերթի կայք մը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ «Թուրք ծնողներու միութիւններու» համանախագահ Ալի Սաքը յայտարարած է, որ թուրք ծնողներէն բողոքներ կը ստանան այդ թեմայով: Սաքը պնդած է, որ Պունտեսթակի` ցեղասպանութեան թեմայով դասերը ուսումնական ծրագիրներուն մէջ ներառելու յորդորին հետեւած դպրոցներուն մէջ թուրք եւ գերմանացի աշակերտներուն միջեւ կրնայ լարուածութիւն յառաջանալ:

Թրքական միութիւններու ղեկավարը նշած է, որ իրենք կը պատրաստուին նամակներով դիմել բոլոր նահանգներու կրթութեան նախարարութիւններուն` աւելցնելով, որ իր տեղեկութիւններով երկրի բոլոր նահանգներուն մէջ կը պատրաստուին ցեղասպանութեան թեման մասսայական կերպով ներառել դպրոցական դասագիրքերուն մէջ:

Սաքը նշած է, որ նամակին մէջ պիտի ներկայացնէ այդ թեմայի ուսուցման «վտանգները»:

Թրքական կայքը նշած է նաեւ, որ մինչեւ այս պահը Գերմանիոյ որեւէ նահանգին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներառուած չէ դպրոցական ծրագիրներուն մէջ, սակայն թեման հնարաւոր կ՛ըլլայ դասաւանդել դպրոցներու ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+