Ասատ Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ներկայութիւնը Կը Նկատէ Ներխուժում - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

17 Kasım 2016  

Ասատ Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ներկայութիւնը Կը Նկատէ Ներխուժում -

Ասատ Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ներկայութիւնը Կը Նկատէ Ներխուժում Ասատ Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ներկայութիւնը Կը Նկատէ Ներխուժում

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փորթուգալական «Առ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկրին տարածքին մէջ թուրք զինուորներու ներկայութիւնը ներխուժում է, որուն Սուրիոյ ժողովուրդը իրաւունք ունի դիմադրելու:

«Մենք իրաւունք ունինք պաշտպանելու (երկիրը): Խօսքը կը վերաբերի ներխուժման: Մենք իրաւունք ունինք պաշտպանելու մեր երկիրը որեւէ ներխուժումէ», ըսած է Ասատ:

Ան նշած է, որ իւրաքանչիւր ահաբեկիչ, որ կը գտնուի Սուրիոյ մէջ, «այստեղ յայտնուած է Թուրքիոյ տարածքին ճամբով` Էրտողանի օժանդակութեամբ»:

«Ուստի այդ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարը պայքար է «Էրտողանի բանակին» դէմ, ոչ թէ թրքական բանակին, այլ` ինքնին «Էրտողանի բանակին» դէմ», նշած է Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ նշած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի «ռուսերուն եւ իրանցիներուն հետ, անոր բնական դաշնակիցները պիտի ըլլանք»:

Ամերիկեան «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթը` մէջբերելով Փենթակոնի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աղբիւրներ, իր երէկուան թիւին մէջ գրած էր, որ Թրամփ կրնայ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դէմ միացեալ օդային հարուածներու սկսիլ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+