Հայաստանն Ու Ռուսիան Ստորագրեցին Երկու Երկիրներու Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրը - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

01 Aralık 2016  

Հայաստանն Ու Ռուսիան Ստորագրեցին Երկու Երկիրներու Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրը -

Հայաստանն Ու Ռուսիան Ստորագրեցին Երկու Երկիրներու Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրը Հայաստանն Ու Ռուսիան Ստորագրեցին Երկու Երկիրներու Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները երէկ ստորագրած են երկու երկիրներու միացեալ զօրախումբի մասին համաձայնագիրը: Փաստաթուղթը ստորագրած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Սերկէյ Շոյկու:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 14 նոյեմբերին վաւերացուցած էր եւ յանձնարարած ստորագրել Հայաստանի հետ հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ երկու երկիրներու միացեալ զօրախումբին մասին համաձայնագիրի նախագիծը, որ «համարժէք հակազդում պիտի ապահովէ զինեալ յարձակումին, ինչպէս նաեւ կողմերու անվտանգութեան միւս մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն»:

Ինչպէս նշած է Վիգէն Սարգսեան, զօրախումբը պիտի ներառէ Հայաստանի տարածքին մէջ տեղակայուած 102-րդ ռուսական ռազմակայանը եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներ:

Երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները նաեւ ստորագրած են 2017-ի համագործակցութեան ծրագիրը:

Հայաստան – Ռուսիա Միացեալ Զօրախումբը Կոչուած Է
Հակազդելու Երկու Երկիրներուն Դէմ Եղած Յարձակման

Հայաստանի զինուած ուժերու եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու զօրքերու միացեալ խմբաւորման հրամանատար, զօրավար Անդրանիկ Մակարեան «Առաջին լրատուական»-ին խնդրանքով մեկնաբանած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 30 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած միացեալ խմբաւորման վերաբերող համաձայնագիրը:

Անդրանիկ Մակարեան նշած է, որ ստորագրուած փաստաթուղթով Հայաստանն ու Ռուսիան պարտաւոր են միասնաբար վերլուծել ռազմաքաղաքական իրավիճակը, սահմանել զօրքերու միաւորուած խմբաւորման կազմը, կազմակերպել խմբաւորման ղեկավարումն ու օգտագործումը, լուծել միացեալ հրամանատարութեան ստեղծման հետ կապուած հարցերը, ապահովել զօրքերու, հետախուզութեան, զէնքի կառավարման, նիւթական-համակարգային հիմքի միասնականութեան, կառավարման միացեալ համակարգի ստեղծման, ինչպէս նաեւ մարտավարական խնդիրներու իրականացումը:

Զօրավար Մակարեան ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ զօրախումբին սահմանուած պատասխանատուութեամբ նախատեսուած է հակազդել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ եղած յարձակումի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+