Մահ՝ Բարսեղ Թուղլաճեանի - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

14 Aralık 2016  

Մահ՝ Բարսեղ Թուղլաճեանի -

Մահ՝ Բարսեղ Թուղլաճեանի Մահ՝ Բարսեղ Թուղլաճեանի

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ երեկոյեան իր մահկանացուն կնքած է յայտնի պատմաբան ու բառարանագիր Բարսեղ Թուղլաճեան։ Ան եղած էր մեր մտաւորական կեանքի աշխոյժ դէմքերէն մին՝ բարձրագոյն ուսումը ստացած ըլլալով Միչիկընի համալսարանին մէջ։ Մխիթարեանի սան Բար-սեղ Թուղլաճեան աւարտած էր Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը։

Բարսեղ Թուղլաճեան ուսումնասիրութիւններ կատարած էր Օսմանեան արխիւներէն ներս։ Թուր-քիոյ կամ արտասահմանի մէջ մասնակցած էր բազմաթիւ գիտաժողովներու։ Իր հրատարակած բա-ռարաններուն եւ հանրագիտարաններուն բերումով բարձր գնահատուած էր պետական աւագանիին կողմէ։ Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Իսմէթ Իւնէօնիւ, Ճեւտէթ Սունայ եւ Ֆահրի Քորութիւրք Թուղլաճեանը մեծարած էին Չանքայայի ապարանքին մէջ։ Արժանացած էր շարք մը պարգեւներու եւ կոչումներու։
Իր բազմաթիւ գործերուն մէջ կարելի է առանձնացնել «Օքեանուս» հանրագիտարան-բառարանը, ա-րեւմտահայոց պատմութեան վերաբերեալ հատորները, ինչպէս նաեւ Պալեան եւ Տատեան գերդաս-տաններուն վերաբերեալ կոթողային աշխատանքները։

1933-ին Իսթանպուլի մէջ ծնած էր Բարսեղ Թուղլաճեան, որ անցեալի մէջ շրջան մը եղած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատասխանատու տնօրէն։ Վերջին տարիներուն, դժբախտաբար, իր խան-գարուած յիշողութեան հետեւանքով կը գտնուէր բժշկական մշտական հսկողութեան ներքեւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+