Ազրպէյճանն Ու Իսրայէլը Կրնան Միասին Հրաշքներ Գործել Որեւէ Մարզի Մէջ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու - Հայերէն
28 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Սիմ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

15 Aralık 2016  

Ազրպէյճանն Ու Իսրայէլը Կրնան Միասին Հրաշքներ Գործել Որեւէ Մարզի Մէջ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու -

Ազրպէյճանն Ու Իսրայէլը Կրնան Միասին Հրաշքներ Գործել Որեւէ Մարզի Մէջ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու Ազրպէյճանն Ու Իսրայէլը Կրնան Միասին Հրաշքներ Գործել Որեւէ Մարզի Մէջ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ կրնան միասին հրաշքներ գործել որեւէ մարզի մէջ:

«Մենք վստահ ենք, որ միասին կրնանք հրաշքներ գործել գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ որեւէ այլ մարզի մէջ: Մենք կ՛ողջունենք այդ համագործակցութիւնը, որովհետեւ կը կարծենք, որ ի վերջոյ, ատիկա մեծագոյն ներուժն է, որ մենք ունինք: Ատիկա յղացական արտադրանքի ներուժն է, արդիւնաբերութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ ալ աւելի մեծ արդիւնաւէտութեան հասնելու կարողութիւնը», նշած է Իսրայէլի վարչապետը:

Նեթանիահու նշած է, որ ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ նշուած են բազմաթիւ մարզեր, որոնց մէջ կը համագործակցին երկու երկիրները:

«Հասկնալի է, որ մենք սերտ կապեր ստեղծած ենք ուժանիւթի մարզին մէջ: Այսօր մենք կը խօսինք ոչ միայն քարիւղի վաճառքի մասին, որ Ազրպէյճան կը մատակարարէ Իսրայէլին եւ որ մեր երկրի քարիւղի ներածման լուրջ մասն է, այլ նաեւ բնական կազի արտածման համար մեր միացեալ ձեռնարկութիւններուն օգտագործման մասին: Մենք կը խօսինք Իսրայէլի` Ազրպէյճանէն Թուրքիա կազի մեծ խողովակաշարին կազի ներածման միանալու մասին: Ատիկա ուղղութիւն մըն է, որ անկասկած կրնայ զօրացնել երկու երկիրներու տնտեսութիւնը», ըսած է ան:

Նեթանիահու Ազրպէյճանէն մեկնեցաւ Ղազախստան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+