Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Ահաբեկուեցաւ - Հայերէն
28 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Սիմ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

20 Aralık 2016  

Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Ահաբեկուեցաւ -

Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Ահաբեկուեցաւ Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Ահաբեկուեցաւ

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլով Անգարայի մէջ գեղանկարչութեան ցուցահանդէսի մը մասնակցութեան ընթացքին ահաբեկուեցաւ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց դեսպանին մահը` աւելցնելով. «Դեսպան Քարլովը սպաննողները պատիժէն պիտի չազատին»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկումը պէտք է ըլլայ պարկեշտ ու բաց:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Ռուսիոյ դեսպանին ահաբեկման հարցը: Անգարայի կառավարիչը ըսաւ, որ ահաբեկման արարքին նպատակը ռուս-թրքական յարաբերութիւնները խանգարելն է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Ռուսիոյ դեսպանին ահաբեկումը ահաբեկչութեան տգեղ դէմքը ցոյց տուաւ:

Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահը ծանօթացած է դէպքի մանրամասնութիւններուն: Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, յարձակում գործողը ինքզինք ներկայացուցած էր իբրեւ ոստիկան եւ անկարգութիւններու դէմ պայքարի ոստիկանութեան անդամ մըն է:

Թրքական իշխանութիւնները ամրապնդեցին Ռուսիոյ դեսպանատան շուրջ ապահովական միջոցառումները, իսկ ՄԱԿ-ը դատապարտեց դէպքը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ օժանդակելու Ռուսիոյ դեսպանի ահաբեկման վերաբերեալ հետաքննութեան մէջ: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է սպասել դէպքի հետաքննութեան արդիւնքին, «եւ թերեւս կ’առաջնորդէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ջանքերու ամրապնդման»:

Նշենք, որ 22-ամեայ ահաբեկիչը դեսպանը ահաբեկելէ ետք խօսեցաւ Հալէպի եւ վրէժխնդրութեան մասին:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը դեսպան Քարլովի ահաբեկումը նկատեց թրքական ապահովական ձախողութիւն` զայն որակելով «գրգռութիւն»:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը դեսպանի ահաբեկումէն կարճ ատեն ետք այցելեց դէպքին վայրը եւ նշեց, որ յարձակում գործողը ոստիկան էր եւ չորս տարի ծառայած թրքական ապահովական մարմինի մը մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+