Անդրադարձ. Ռուսիոյ Դեսպանին Սպանութիւնը - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

21 Aralık 2016  

Անդրադարձ. Ռուսիոյ Դեսպանին Սպանութիւնը -

Անդրադարձ. Ռուսիոյ Դեսպանին Սպանութիւնը Անդրադարձ. Ռուսիոյ Դեսպանին Սպանութիւնը

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին «Ռուսիան թուրքերու աչքերով» լուսանկարներու ցուցահանդէսի ընթացքին Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշ անունով թուրք ոստիկան մը ահաբեկեց Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Կենատիեւիչ Քարլովը, որ ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, կը պատրաստուէր ցուցահանդէսէն ետք Սուրիոյ հարցով կարեւոր հանդիպում մը ունենալու Թուրքիոյ մէջ Իրանի դեսպանին հետ:

Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպումէն մէկ օր առաջ տեղի ունեցած ահաբեկումը կարելի չէ նկատել զուգադիպութիւն մը: Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանի ահաբեկումին առաջին թիրախը ռուս-թրքական յարաբերութիւններն են, որոնք «Սու-24»-ի դէպքէն ետք իրենց երկրորդ ուժգին հարուածը կը ստանան: Անգարայի մէջ դեսպան Քարլովի թիկունքէն հասած հարուածը նաեւ Մոսկուայի մէջ Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան եռակողմ հանդիպումը թիկունքէն հարուածելու, ականահարելու կամ առնուազն մթնոլորտը խանգարելով անկէ սպասուած արդիւնքի տարողութիւնը նուազեցնելու փորձ մըն է: Այստեղ տեղին է յիշեցնել Գերմանիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Նորպըրթ Ռիոթթկէի «Ֆրանքֆուրթըր Ալկեմայնը Ցայթունկ» օրաթերթին յայտնած հետեւեալ խօսքը. «Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ համաձայնութիւնը շատ վտանգաւոր զարգացում մըն է եւ ատիկա Արեւմուտքի համար դիւանագիտական աղէտը պիտի ըլլայ»:

Դէպքէն քանի մը ժամ ետք Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ կատարուած հրացանաձգութիւնը կրնայ ուշադրութիւնը շեղելու փորձ մը ըլլալ, սակայն միեւնոյնն է` հիմնական կասկածելին Մոսկուայի հանդիպումէն խիստ մտահոգուած Արեւմուտքն է: Ռուսիոյ դեսպանին ահաբեկման հանգամանքները կը յառաջացնեն գաղտնի սպասարկութեան մը կամ սպասարկութիւններու դէպքին առնչուածութեան վարկածը, իսկ թրքական ապահովական մարմիններուն արձանագրած մեծ բացթողումը` թրքական ապահովական մարմինի մը մեղսակցութեան վարկածը:

Դժբախտաբար, այս արարքին մէջ ընդամէնը գործիք եղող թուրքը սպաննուեցաւ թրքական ապահովական ուժերուն կողմէ` իրեն հետ թաղելով կարեւոր գաղտնիքներ: Սակայն գաղտնի սպասարկական աշխարհին մէջ չկայ բան մը, որ չբացայայտուի, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի մեծ տէրութեան մը: Միայն այդ տեղեկութեան հրապարակումն է, որ թերեւս կրնայ ուշանալ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+