Նոր Ծնունդ` Նոր Յոյս - Հայերէն
01 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արեգ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

26 Aralık 2016  

Նոր Ծնունդ` Նոր Յոյս -

Նոր Ծնունդ` Նոր Յոյս Նոր Ծնունդ` Նոր Յոյս

Աշխարհիս բոլոր քրիստոնեաները կը սպասեն Մեսիային գալուստը: Գալուստը Անոր, որ խաղաղութիւն պիտի բերէ աշխարհին, գալուստը երկինքէն իջած Որդիին` յոյսը ազգերուն:

Յիսուսի ծնունդը լոկ պատմական դէպք մը չէ, այլ անդրադարձ մը, ուր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու կը միանան:

Սակայն Յիսուս յայտնուեցաւ իբրեւ պարզ մարդու մը զաւակը` համեստ ու խոնարհ: «Երբ հասաւ ժամանակներուն լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ, որպէսզի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհը» (Գաղ. 4, 4-5):

Յիսուս կը ծնի եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկուն սրտին ու կեանքին մէջ: Ան մաս կը կազմէ մարդկութեան պատմութեան: Ան մարդացաւ` մեզի վերստին տալու համար մեր հիմնական մարդկային արժանապատուութիւնը, զոր կորսնցուցինք Ադամի սկզբնական մեղքին պատճառով: Մեր հարազատ Յիսուսը ընտրեց խաչի եւ սիրոյ ճանապարհը, եւ առ ի հետեւանք, բարեսիրտ Հայրը իրեն շնորհեց ամէնէն վսեմ անունը:

Յիսուսի ծնունդին առիթով, նոր իմաստ մը կը յայտնուի մարդկութեան պատմութեան մէջ` վերածնունդը նոր եւ ընտիր մարդու մը, հեռու մեղքէն: Բեթղեհէմի մանուկով է, որ մենք կ’ըլլանք Աստուծոյ իսկական եղբայրներն ու բարեկամները: Մենք կը պարտինք այս աստուածային կապը պահպանել մեր առօրեայ կեանքին մէջ:

Ծնունդը, զոր կը տօնակատարենք, առիթ մըն է վերադառնալու Աստուծոյ, որ Իր միակ Որդին ղրկեց մեր կեանքը փոխելու համար: Այս տօնակատարութեան ու անոր նախապատրաստութիւններու շրջանին, ջանանք մեր մէջ հիւրընկալել Ան, որ կը փափաքի մեր սրտերուն մէջ հիմնել իր սուրբ տաճարը, ուր Ան շարունակ կը վերածնի` մեզ ստեղծելու համար ըստ Իր պատկերին եւ նմանութեան: Անոր նպատակն է մեզ տեղաւորել անդորր ու հանդարտ վայրի մը մէջ` մեզի լսելի դարձնելու համար Իր քաղցր ու սփոփարար խօսքերը եւ ուսուցումները:

Յիսուս կարողութիւնը ունի մեր սրտերը լեցնելու այնպիսի սիրով մը, որուն շնորհիւ կարող կ’ըլլանք մինչեւ իսկ ներելու մեր թշնամիին եւ սիրելու զայն իբրեւ մեր հարազատ եղբայրը:

Երբ Յիսուս ծնի, հրեշտակները երկինքի մէջ կ՛երգեն ովսաննաներ: Ցնծաբեր այս երգը մեր ականջներուն մէջ կը թնդայ, քանի որ մեր սրտերուն մէջ Անոր կեանքը կ’արմատանայ, Անոր ուրախութիւնը կը յայտնուի եւ Անոր Յարութեան բոցը կը փայլի:

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանենք Իր սիրոյն: Ինչպէ՞ս պիտի փոխադարձենք այդ սէրը: Ասիկա է խորագոյն իմաստը Ծնունդին: Եկեղեցին յաճախ կը հրաւիրէ մեզ Յիսուսէն սնանելու, Ինք` այդ խոնարհ մանուկը Բեթղեհէմի, որ աշխարհ եկաւ` ծնելով խեղճ մսուրի մը մէջ:

Ժամանակ տրամադրենք ներքին լռութեան` ընդունելու համար մարդկութեան ամէնէն սքանչելի Զաւակը: Այդպիսով, լաւագոյն նուէրը ընծայած կ’ըլլանք Յիսուս մանուկին:

Երբ մարդիկ կ’ուզեն իրենց սէրը արտայայտել` ընդհանրապէս բարեգործութիւն կ’ընեն, ծառայութիւն մը կը մատուցեն, կ’օգնեն ու կը մխիթարեն, կը ջանան բարեփոխել ընկերութեան անարդար պայմանները: Սակայն երբ Աստուած կ’ուզէ ցոյց տալ իր զօրութիւնը, յայտնել իր սէրը, չի դիմեր աչքառու գործերու, այլ կ’ըլլայ մարդ, մանուկ-մարդ, դրուած մսուրի մը մէջ, աղքատ, զրկուած, խղճալի: Ան «խենթ» սիրահարն է հոգիներու եւ չուզեց մեզմէ տարբերիլ, այլ եղաւ մեզմէ մէկը:

Մեր անձնական կեանքին մէջ այս դէպքը որքա՜ն կը գրաւէ մեր սիրտը, կամքն ու հոգին: Մսուրի մը առջեւ կանգնած յուզումի րոպէներէն ետք, ինքնամփոփ, յաճախ կը վերադառնանք մեր մտածումներուն, մեր սին ձգտումներուն, մեր տմարդի իղձերուն: Ս. Ծննդեան առիթով, արծարծենք մինչ այդ տկար ու պատեհապաշտ մեր հաւատքը: Մարդկութիւնը պէտք ունի հովիւներուն հաւատքին, պարզերու անապակ հաւատքին:

Տիրոջ հրեշտակին խօսքերը կը խրախուսեն մեզ Ծննդեան օրը եւ ամբողջ կեանքին համար` ըլլալու աւելի ճշմարիտ, աւելի մաքրասիրտ, աւելի երջանիկ: Թողունք, որ Տէրը ծնի մեր մէջ, թող իր ներկայութիւնը ձեւաւորէ մեզ իր պատկերին նման ու կարող դարձնէ սիրելու զինք ու զիրար` իր սիրով:

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+