Միջազգային Դաշինքը Իր Խոստումները Չի Յարգեր» Կ՛ըսէ Էրտողան - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

28 Aralık 2016  

Միջազգային Դաշինքը Իր Խոստումները Չի Յարգեր» Կ՛ըսէ Էրտողան -

Միջազգային Դաշինքը Իր Խոստումները Չի Յարգեր» Կ՛ըսէ Էրտողան Միջազգային Դաշինքը Իր Խոստումները Չի Յարգեր» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կինէ իր այցելութեան ընթացքին երկրի նախագահ Ալֆա Քոնտիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք երբեք Ափրիկէի մէջ բռնագրաւող երկիր չենք եղած»` աւելցնելով, որ արեւմուտքի երկիրները պէտք է ճանչնան ափրիկեցիներուն դէմ իրենց գործած անիրաւութիւնները եւ այդ ճշմարտութեան հետ պէտք է առերեսուին:

Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը մինչեւ աւարտ պիտի շարունակէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, իսկ Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրները չյարգեցին այդ գործողութեան օժանդակելու իրենց խոստումը:

Ան ըսաւ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրները չեն յարգեր ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարելու իրենց խոստումները` նշելով. «Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրներու Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ներառեալ ՏԱՀԵՇ¬ի եւ քիւրտերուն աջակցելուն վերաբերեալ փաստեր ունինք»:

Քալըն Անբաւարար Կը Նկատէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ
Միջազգային Դաշինքին Կողմէ Թրքական Բանակին
Ցուցաբերուած Օգնութիւնը

«Կազեթեքարինճա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի ուժերուն կողմէ թրքական զինեալ ուժերուն բաւականաչափ օգնութիւն չտրամադրելը անընդունելի է:

«Ճարապլուսի, Տապըքի եւ Պապի մէջ դաշնակից ուժերը պէտք է կատարեն իրենց բաժին ինկող պարտականութիւնները», յայտարարած է Քալըն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+