Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան Ընտրուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորուհի - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

03 Ocak 2017  

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան Ընտրուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորուհի -

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան Ընտրուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորուհի Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան Ընտրուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորուհի

29 դեկտեմբեր 2016-ին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր ժողովը միաբանութեան նոր մեծաւորուհի ընտրեց 71-ամեայ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը: Քոյր Արուսեակ ծնած է 1945-ին, Հալէպ: Ուսումը ստացած է Հալէպի Անարատ յղութեան վարժարանին մէջ: 19 տարեկանին կ՛անդամակցի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան. աւարտելէ ետք 3 տարուան կրօնական կազմաւորումը եւ իր ուխտերը կատարելէ ետք կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ` համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու: Միաժամանակ ան կ՛ուսումնասիրէ շրջանի կարելիութիւնները եւ հայկական համայնքին պատրաստուածութիւնը` հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու գծով:

Քոյր Արուսեակի ուսումնասիրութիւններուն լոյսին տակ, միաբանութիւնը կ՛որոշէ Միացեալ Նահանգներու առաջին վարժարանը հիմնել եւ, այդպիսով, իր դպրոցներուն ոսկիէշղթան կ՛երկարէ Ամերիկա, ուր կազմաւորուելու սկսած էին արդէն հայկական նոր գաղութներ: 1967-ին քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, քոյրեր Հռիփսիմէ Չիֆթելեանի եւ Վալանթինի հետ, մեծ զոհողութիւններով եւ միացեալ ջանքերով կը հիմնէ Ֆիլատելֆիոյ Հայ քոյրերու վարժարանը` այնտեղ ծառայելով երկար տարիներ:

Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւանքները կը մղեն քոյր Արուսեակը, որուն երազն էր ծառայութիւն մատուցել մայր հայրենիքին մէջ` լքելու ամէն պաշտօն եւ փութալու Հայաստան: Ան կ՛ըլլայ առաջիններէն, որ 1990-ին հրաժարելով Հռոմի միաբանութեան իր փոխանորդի պաշտօնէն` կը մեկնի Հայաստան եւ քոյր Արշակուհիին հետ միասին կը հաստատուի Գիւմրի:

Քոյր Արուսեակ կը յաջողի Անարատ յղութեան հայր քոյրերու միաբանութեան մասնաճիւղ մը հաստատել Գիւմրիի մէջ` հիմնելով «Պօղոսեան» համալիրը: 1996-ին կը կառուցուի «Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան կրթական կեդրոն» որբերու տունը, որուն բացումը կը կատարուի 1998-ին:

Այդտեղ կը հիւրընկալուին 65 որբեր, որոնք Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներ էին:

Տարիներու ընթացքին քոյր Արուսեակ կը դառնայ այդ որբերուն մայրը, եւ անոր խնամքով ու բարերարներու օգնութեամբ այդ որբերը կը մեծնան, գործի տէր կը դառնան ու քոյր Արուսեակին ուրախութիւնը կը շնորհեն` զաւակներէ անդին ունենալու նաեւ թոռներ:

13 յունիսի 2015-ին, զուիցերիաբնակ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն բարերարութեամբ, քոյր Արուսեակ կը յաջողի Երեւանի մէջ բանալ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Անի Պէզիքեան երիտասարդական կեդրոն»-ը, որուն նպատակն է ծառայել իբրեւ բնակութեան եւ զարգացման վայր Անարատ յղութեան քոյրերու հիմնած` Պօղոսեան կրթահամալիրի այն սաներուն, որոնք կ՛ուսանին Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ` մարզերէն Երեւանի մէջ ուսանող այլ կարիքաւոր երիտասարդ աղջիկներու:

13 նոյեմբեր 2015-ին Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արհեստի դպրոցին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի տնօրինութեամբ քոյր Արուսեակ Սաճոնեան կը պարգեւատրուի «Ֆրանսայի ազգային վաստակներու» շքանշանով` առ ի գնահատում անոր մարդասիրական լայնածաւալ եւ օգտակար գործունէութեան:

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի անունը անջնջելիօրէն կապուած է Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք Գիւմրիին ու Շիրակի մարզին հետ: Ան ճանչցուած է նաեւ իբրեւ Քոյր Հայաստանի Մայր Թերեզան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+