Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ ԻÖ - Հայերէն
14 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

12 Ocak 2017  

Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ ԻÖ -

Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ ԻÖ Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Թրքական «ՀապերԹիւրք»-ը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան իր ուժերը չհեռացնէ Մուսուլի մօտ գտնուող Պաաշիքա շրջանի զինուորական ճամբարէն, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսիլը պիտի դառնայ անիմաստ:

«Եթէ թուրք զինուորները չհեռանան Պաաշիքայէն, յարաբերութիւններու կարգաւորման ոչ մէկ քայլ պիտի առնուի», յայտարարած է Ապատի:

Յիշեցնենք, որ Իրաքի վարչապետ 7 յունուարին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:

Վերջինս հանդիպումէն ետք Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, թէ Պաաշիքայի մէջ թրքական ուժերու ներկայութեան նպատակը Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելն է, եւ թէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը պիտի պահպանեն այդտեղ իրենց ներկայութիւնը:

«Մեր զինուորները պիտի շարունակեն այդտեղ իրենց պարտականութիւնը կատարել: Երբ պայմանները ներեն` կը նստինք, կը խօսինք, եւ հարցը կը գտնէ իր լուծումը», յայտարարած էր Թուրքիոյ վարչապետը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ երէկ իր կարգին յայտնեց, որ «Իրաքի հետ Պաաշիքայի վերաբերեալ քննարկումներ պիտի կատարենք զայն ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատելէ ետք, եւ այս թղթածրարը պիտի լուծենք բարեկամաբար»` աւելցնելով. «Մեր ուժերուն Պաաշիքա մնալը կարեւոր է»:

Անգարայի մէջ Իրաքի դեսպան Հիշամ Ալի Աքպար եւս երէկ յայտնեց, որ թրքական ուժերը Պաաշիքայէն պիտի հեռանան Մուսուլի ազատագրումէն ետք:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+