Տասնեակ Հազարաւորներ Պոլսոյ Մէջ Նշեցին Տինքի Սպանութեան 10-Ամեակը. Տունիա Միաթովիչ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Արդա - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

22 Ocak 2017  

Տասնեակ Հազարաւորներ Պոլսոյ Մէջ Նշեցին Տինքի Սպանութեան 10-Ամեակը. Տունիա Միաթովիչ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Արդա -

Տասնեակ Հազարաւորներ Պոլսոյ Մէջ Նշեցին Տինքի Սպանութեան 10-Ամեակը. Տունիա Միաթովիչ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Արդա Տասնեակ Հազարաւորներ Պոլսոյ Մէջ Նշեցին Տինքի Սպանութեան 10-Ամեակը. Տունիա Միաթովիչ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Արդարութիւն Հաստատելու Տինքի Սպանութեան Հարցին Մէջ

Ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է աշխուժացնեն իրենց ջանքերը` գտնելու համար Հրանդ Տինքի սպանութեան հեղինակները: Անոր յայտարարութիւնը երէկ տեղադրուած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

«Ամէն տարի կը յիշենք Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցը` մեծարելով փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած անոր խիզախ խօսքերը եւ յարգանքի տուրք մատուցելով խաղաղութեան ստեղծման ուղղութեամբ անոր բացառիկ ջանքերուն: Սակայն մենք ատիկա կ՛ընենք գիտնալով, որ նոյնիսկ մէկ տասնամեակ ետք այս ողբերգութեան հեղինակները տակաւին ազատութեան մէջ են», ըսած է ան:

«Ես Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ աւելի շատ ջանք գործադրելու արդարութեան հաստատման եւ Հրանդ Տինքի հարազատներուն ու ընտանիքին համար անպատասխան հարցերու տանջալից տասնամեակէն ետք հանգուցալուծման երաշխաւորման համար: Իշխանութիւնները պէտք է ապահովեն հասարակութեան ուղղուած կարեւորագոյն ուղերձը, որ լրագրողներու դէմ բռնութիւն կատարողները չեն կրնար անպատիժ մնալ», յայտնած է ան:

Միւս կողմէ, «Ակօս» շաբաթաթերթի Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի Օսմանպէյ պողոտային վրայ գտնուող նախկին խմբագրատան դիմաց, ուր 10 տարի առաջ սպաննուեցաւ Տինք, երէկ հաւաքուեցան Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներէն տասնեակ հազարաւոր գործիչներ` հայեր, թուրքեր, քիւրտեր, ասորիներ եւ Թուրքիա բնակող բազմաթիւ այլ ազգային ու կրօնական խումբերու ներկայացուցիչներ:

Ներկաները բարձրացուցին «Յանուն Հրանդի, յանուն արդարութեան», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք», «Այստեղ ենք, ախպարիկ», «Կը կարօտնանք, ախպարիկ», «Հրանդին մի՛ մոռնաք» գրութիւններով պաստառներ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+