Ռուսիա Սուրիոյ Մատակարարած Է Իսրայէլը Ճշգրիտ Կերպով Հարուածելու Կարողութիւնը Ունեցող «Սքոտ Տի-250» Հրթիռներ - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

23 Ocak 2017  

Ռուսիա Սուրիոյ Մատակարարած Է Իսրայէլը Ճշգրիտ Կերպով Հարուածելու Կարողութիւնը Ունեցող «Սքոտ Տի-250» Հրթիռներ -

Ռուսիա Սուրիոյ Մատակարարած Է Իսրայէլը Ճշգրիտ Կերպով Հարուածելու Կարողութիւնը Ունեցող «Սքոտ Տի-250» Հրթիռներ Ռուսիա Սուրիոյ Մատակարարած Է Իսրայէլը Ճշգրիտ Կերպով Հարուածելու Կարողութիւնը Ունեցող «Սքոտ Տի-250» Հրթիռներ

«Ռոսիա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մատակարարած է «Սքոտ Տի-250» հեռահար հրթիռներ, որոնք կրնան ճշգրիտ կերպով հարուածել ու քանդել Իսրայէլի մէջ գտնուող թիրախներ:

Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ նաեւ, որ Իսրայէլի ապահովական ու զինուորական շրջանակներուն մէջ մեծ մտավախութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է ռուսական հրթիռներու առաջին խմբաքանակին Դամասկոս հասնելէն ետք, հակառակ անոր որ ռուսական կողմը Իսրայէլին երաշխիքներ տուած է, թէ Սուրիա այդ հրթիռները Իսրայէլի դէմ պիտի օգտագործէ միայն, եթէ Թել Աւիւ սուրիական հողամասերուն դէմ յարձակում գործէ:

Որոշուած է այդ հրթիռները ռուսական մարտանաւերու ճամբով երեք ամսուան վրայ երկարող փուլերով փոխանցել սուրիական կողմին: Սուրիոյ կառավարութիւնը իր կարգին այդ հրթիռները պիտի տեղակայէ Սուրիոյ ազատագրուած հողերուն վրայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+