Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Կը Պատրաստեն Ասթանայի Բանակցութիւններու Փաստաթուղթի Նախագիծը - Հայերէն
01 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արեգ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

23 Ocak 2017  

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Կը Պատրաստեն Ասթանայի Բանակցութիւններու Փաստաթուղթի Նախագիծը -

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Կը Պատրաստեն Ասթանայի Բանակցութիւններու Փաստաթուղթի Նախագիծը Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Կը Պատրաստեն Ասթանայի Բանակցութիւններու Փաստաթուղթի Նախագիծը

Ասթանայի ժողովի կազմակերպիչներէն եղող լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ այսօր Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները բաղկացած պիտի ըլլան երկու փուլերէ, որոնց ընթացքին սուրիական կողմերուն առիթ պիտի ընծայուի դէմ առ դէմ խօսելու` առանց միջնորդի: Սակայն, ըստ Ասթանայի մէջ «Մայատին»-ի լրագրողին, սուրիական զինեալ խմբաւորումներու պատուիրակութիւնը պատրաստ է կառավարական պատուիրակութեան հետ սեղան նստելու, սակայն պահանջած է բանակցիլ միջնորդի միջոցով:

Նշենք, որ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դռնփակ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ երեքշաբթի օր: Բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան «Ռիքսոս Փրեզիտընթ Ասթանա» պանդոկին մէջ:

Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններուն երկրորդ օրը սուրիական կողմերուն միջեւ տեղի պիտի ունենան երկկողմանի բանակցութիւններ, ապա հաւաքական բանակցութիւններ` հովանաւոր երկիրներու մասնակցութեամբ:

Կը նախատեսուի, որ առաջին փուլի աւարտին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարկուի:

Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները արդէն սկսած են Ասթանայի մէջ խորհրդակցութիւններ կատարել բանակցութիւններուն աւարտին ստորագրուելիք փաստաթուղթի նախագիծին շուրջ: Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ բանակցութիւններու նախօրեակին «մեծ աշխատանքը իր աւարտին հասած է»:

Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի, որ երէկ յայտարարեց. «Թուրքիան Սուրիոյ գերիշխանութիւնը ոտնահարող, ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող եւ խաղաղ լուծումը արգելակող պետութիւն մըն է, ուստի անոր հետ երկխօսութիւն պիտի չկատարենք»: «Մեզի ցուցմունք տրուած է քննարկումներուն դրական մասնակցութիւն բերելու եւ սուրիական պետական ու ժողովրդային տեսակէտը փոխանցելու», ըսաւ ան:

Ասթանա հասան նաեւ սուրիական ընդդիմութեան, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի պատուիրակութիւնները, ինչպէս նաեւ Սթեֆան տը Միսթուրա: Ղազախստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճորճ Քրոլ իր կարգին հասաւ բանակցութիւններու վայրը: Ուաշինկթըն արդէն յայտարարած էր, որ պատուիրակութիւն մը պիտի չուղարկէ:

Բանակցութիւններուն մօտիկ աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ասթանայի բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ (Սուրիոյ հարցով Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր) Լաւրենթեւ եւ ոչ թէ Վերշինին»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+