Էրտողան. «Եւրոպացիներուն Կ՛ըսենք` Ձեր Հարցերով Զբաղեցէ՛ք Եւ Թոյլ Տուէ՛ք, Որ Մեր Հարցերը Մենք Լուծենք» - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

22 Mart 2017  

Էրտողան. «Եւրոպացիներուն Կ՛ըսենք` Ձեր Հարցերով Զբաղեցէ՛ք Եւ Թոյլ Տուէ՛ք, Որ Մեր Հարցերը Մենք Լուծենք» -

Էրտողան. «Եւրոպացիներուն Կ՛ըսենք` Ձեր Հարցերով Զբաղեցէ՛ք Եւ Թոյլ Տուէ՛ք, Որ Մեր Հարցերը Մենք Լուծենք» Էրտողան. «Եւրոպացիներուն Կ՛ըսենք` Ձեր Հարցերով Զբաղեցէ՛ք Եւ Թոյլ Տուէ՛ք, Որ Մեր Հարցերը Մենք Լուծենք»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Անտառը մարդուն, անտառը տնտեսութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Գոյութիւն ունին եւրոպական երկիրներ, որոնք դէմ են Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կը փորձեն հանրաքուէն արգելակել»:

Էրտողան իր խօսքը ուղղելով եւրոպացիներուն ըսաւ. «Ձեր հարցերով զբաղեցէ՛ք եւ թոյլ տուէ՛ք, որ մեր հարցերը մենք լուծենք»` աւելցնելով, որ 16 ապրիլին` հանրաքուէի ընթացքին թուրք ժողովուրդը լաւ դաս մը պիտի տայ եւրոպացիներուն: «Եւրոպացիները գիտեն Թուրքիոյ մէջ կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման դրական արդիւնքները», ըսաւ ան:

«Անցեալին Եւրոպան Օսմանեան պետութիւնը կը կոչէր հիւանդ մարդը, սակայն այսօր Թուրքիան սկսած է մեծնալ, ոտքի կանգնիլ եւ արթննալ», յայտնեց Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Հոլանտայի մէջ իմ նկարներս կը վերցնեն եւ կը մերժեն զանոնք բարձրացնել, սակայն ահաբեկչական ՔԱԿ-ի նկարները բարձրացնել կ՛արտօնեն»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+