Անդրադարձ. Ուշագրաւ Կարմիր Գիծեր - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

22 Mart 2017  

Անդրադարձ. Ուշագրաւ Կարմիր Գիծեր -

Անդրադարձ. Ուշագրաւ Կարմիր Գիծեր Անդրադարձ. Ուշագրաւ Կարմիր Գիծեր

Ռուսական ուժեր վերջերս ուղղուեցան Աֆրինի մօտ Քաֆար Ժաննաթ գիւղ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռիտոր Խալիլ յայտնած է. « Ռուսիան Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը ռազմակայան կը ստեղծէ` շրջանին տիրող ջոկատներուն հետ համաձայնաբար»: Անոր այդ յայտարարութենէն քանի մը ժամ ետք` երկուշաբթի երեկոյեան Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաստատեց լուրը` նշելով. «Հաշտութեան կեդրոնին (Լաթաքիոյ մէջ ռուսական ռազմակայանին) մէկ մասը պիտի փոխադրուի Աֆրինի մօտ գտնուող շրջան մը»: Սուրիական ազատ բանակէն ղեկավար մը նախապէս «Արապի Ժատիտ» օրաթերթին յայտնած էր, որ թրքական բանակի «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից ուժերը կը պատրաստուին Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ քրտական ուժերուն դէմ յարձակում մը շղթայազերծելու: Այլ խօսքով` ռուսական ուժերը իրենց այս քայլով յստակ պատգամ մը յղեցին եւ կանխարգիլեցին թրքական բանակին գործողութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ նոյնպիսի քայլով մը ամերիկացի զինուորներ ուղարկած էին Մընպեժ, որ Թուրքիոյ կողմէ Պապի` ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքէն խլումէն ետք, թուրք ղեկավարներու կատարած յայտարարութիւններուն համաձայն, պիտի դառնար թրքական բանակի յաջորդ թիրախը: Այստեղ եւս յղուածը միեւնոյն յստակ պատգամն էր: Ամերիկեան կողմը արդէն Թուրքիան դուրս ձգած էր Ռաքքայի ազատագրման գործողութենէն` զայն վստահելով քրտական ղեկավարութեամբ ուժերուն: Վերջիններս իրենց կարգին Մընպեժի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ թրքական բանակին հետ շփման գիծը «զիջեցան» Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող սուրիական բանակին: Հետաքրքրական է, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը քանի մը օր առաջ Մընպեժի մէջ «ժողովրդավարական ինքնակառավարում» յայտարարած էր: Մընպեժը Հասաքէի, Գամիշլիի, Աֆրինի եւ Արաբ Բունարի կողքին 5-րդ շրջանն է, ուր քիւրտերը կը յայտարարեն այդպիսի դրութեան մը հաստատումը:

Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա իրենց այս իրարու կրկնօրինակող քայլերով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ բանակը առին վերոնշեալ կարմիր գիծերով ձեւաւորուած օղակի մը մէջ, սակայն ի՞նչ նպատակով. վերոնշեալ բոլոր զարգացումներուն մէջ քրտական ազդակի գոյութիւնը մտածել կու տայ, թէ ատիկա քիւրտերը պաշտպանելու կամ սուրիական տագնապի լուծման հեռանկարի մը ծիրին մէջ քրտական 5 «քանթոնները»` Մընպեժը, Աֆրինը, Այն Արապը, Գամիշլին եւ Հասաքէն պահպանելու համար է:

Ռուս-ամերիկեան քայլերուն անմիջական ու իսկական նպատակը քրտական ուժերուն եւ «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ միջսուրիական բախումներու կանխարգիլման ճամբով Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ գոյացած զինադադարի պահպանումն է: Իսկ այն հարցը, թէ գետնի վրայ ստեղծուած ներկայ իրողական սահմանագծումները հետագային Սուրիոյ ճգնաժամի համապարփակ լուծման վրայ ի՛նչ ազդեցութիւն եւ իրաւական ինչպիսի՛ իմաստ մը պիտի ստանան, կը մնայ սպասել եւ տեսնել:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+