Արամ Աթէշեանի եւ Գարեգին Պեքճեանի Հանդիպումը Դրական Արդիւնք Չէ Տուած - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

05 Nisan 2017  

Արամ Աթէշեանի եւ Գարեգին Պեքճեանի Հանդիպումը Դրական Արդիւնք Չէ Տուած -

Արամ Աթէշեանի եւ Գարեգին Պեքճեանի Հանդիպումը Դրական Արդիւնք Չէ Տուած Արամ Աթէշեանի եւ Գարեգին Պեքճեանի Հանդիպումը Դրական Արդիւնք Չէ Տուած

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք․ Աթէշեանի եւ տեղապահի ընտրութիւններուն յաղթած Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք․ Պեքճեանի հանդիպումը դրական արդիւնք չէ տուած: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ տեղեկացուցած է «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժնի պատասխանատու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:

«Հանդիպումը կայացաւ Արամ Աթէշեանի, Գարեգին Պեքճեանի եւ երկու ոչ եկեղեցականներու մասնակցութեամբ: Արամ Աթէշեան ըսած է, որ թէեւ Գարեգին Պեքճեան ընտրուած է տեղապահ, ինք իր լիազօրութիւնները չի կրնար փոխանցել: Ան յայտնած է, որ Գարեգին Պեքճեան, որպէս տեղապահ, թող ընէ, ինչ կրնայ: Պարզ է, որ Գարեգին Պեքճեան բոլոր լիազօրութիւնները չի ստանձներ: Եթէ ան գործելու կարողութիւն չունի, հրահանգներ չի կրնար տալ, հետեւաբար չի կրնար պատրիարքի ընտրական գործընթացը նախապատրաստել»,- ըսած­ է Բագրատ Էսդուգեան:

Անոր խօսքով, Ապրիլ 1­-ին Սթամպուլի փոխնահանգապետին հետ հանդիպման ժամանակ նշուած է, որ Ապրիլ 16-­ին կայանալիք հանրաքուէէն ետք պիտի անդրադառնան պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացին: Թէ ի՞նչ քայլեր պիտի ձեռնարկէ Գարեգին Պեքճեան` դեռ պարզ չէ:

Բագրատ Էսդուգեան նշած է, որ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին դեռ տեղեկութիւն չկայ: Ան փոխանցեց, որ Գարեգին Պեքճեան վերադարձած է Ապրիլ 2­ին: Նախատեսուած էր, որ Հրաշափառի արարողութիւնով ան պէտք է մուտք գործեր Մայր եկեղեցի: Նախորդ օրերուն Արամ սրբազանը բոլոր քահանաներուն լուր տուած էր` արգելելով մասնակցիլ արարողութեան: Նոյնիսկ փորձած են եկեղեցւոյ դռները փակել: «Եկեղեցու դռները բացուեցան, երբ եկան Գարեգին Պեքճեանը եւ Սահակ Մաշալեանը: Նախատեսուած արարողութիւնը չեղաւ, միայն աղօթք հնչեց: Մեր եկեղեցւոյ համար բաւական դժբախտ օրեր կ՛ապրինք, պատմութեան մէջ ամօթով յիշուելու արժանի օրեր կ՛ապրինք»,- ըսած է­ Բագրատ Էսդուգեան:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+