Ուաշինկթըն Հրթիռակոծեց Սուրիոյ Բանակի Շհէյրաթ Օդակայանը - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

08 Nisan 2017  

Ուաշինկթըն Հրթիռակոծեց Սուրիոյ Բանակի Շհէյրաթ Օդակայանը -

Ուաշինկթըն Հրթիռակոծեց Սուրիոյ Բանակի Շհէյրաթ Օդակայանը Ուաշինկթըն Հրթիռակոծեց Սուրիոյ Բանակի Շհէյրաթ Օդակայանը

Երէկ առաւօտեան ժամը 3:40-ին Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան մարտանաւեր «Թոմահոք» տիպի 59 հրթիռներ արձակեցին Հոմսէն արեւելք գտնուող եւ կեդրոնական Սուրիոյ մէջ կարեւորագոյն զինուորական օդակայանը եղող Շհէյրաթ օդակայանին ուղղութեամբ, ուրկէ կը կարծուի, թէ թռիչք կատարած են Խան Շէյխունի մէջ ենթադրեալ քիմիական ռումբով յարձակումը կատարած օդանաւերը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ յարձակումին շղթայազերծումը իր երկրին համար «կենսական ազգային շահ» մըն էր: Ան «բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներուն» կոչ ուղղեց «Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան ու ջարդին վերջ տալու համար մեզի միանալու, ինչպէս նաեւ բոլոր եւ ամէն տեսակի ահաբեկչութիւններուն վերջ տալու»:

Թրամփ Սուրիոյ նախագահը նկատեց «բռնատէր մը, որ անմեղ քաղաքայիններուն դէմ քիմիական զէնքերով ահաբեկչական յարձակում գործեց»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու քայլերու ձեռնարկած է` աւելցնելով, որ ամերիկեան հրթիռակոծումը ցոյց կու տայ, որ նախագահ Թրամփ «պատրաստ է վճռական քայլերու դիմելու»:

Նշենք, որ Փենթակոն յայտարարեց, որ Ռուսիան նախապէս տեղեակ պահուած է օդային հարուածներէն, իսկ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատեց այդ լուրը` աւելցնելով սակայն, որ ոչ ոք հեռաձայնած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի: «Այդ տեղեկութիւնը ստացած ենք տեղեկութեան փոխանակման գոյութիւն ունեցող խողովակներուն ճամբով», նշեց ան:

Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ ամերիկեան հրթիռակոծման պատճառով արձանագրուած է 8 զոհ, ինչպէս նաեւ օդակայանին հասած են նիւթական մեծ վտանգներ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի առած քայլը կը վնասէ «արդէն իսկ վնասուած» ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն` աւելցնելով, որ ամերիկեան հարուածը «վերջերս Ժապհաթ Նուսրային կատարածէն ուշադրութիւն շեղելու փորձ մըն է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուա առկախած է Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ գործողութիւններու ընթացքին օդանաւերու թռիչքներու անվտանգութիւնը ապահովող ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զարախովա նշեց, որ Ուաշինկթըն «Սուրիան հարուածելու որոշումը տուաւ նախքան Իտլիպի դէպքերը, որոնք օգտագործեց ուժի ցուցադրութեան իբրեւ պատրուակ»: Ան ըսաւ, որ Դամասկոս Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքեր չէ օգտագործած` նախ եւ առաջ այդ զէնքերուն չգոյութեան պատճառով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան յարձակումին հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան մարտանաւէն արձակուած միայն 23 հրթիռներ հարուածած են Շհէյրաթ օդակայանը, իսկ մնացեալ 36-ը յայտնի չեն, թէ ո՛ւր ինկած են` աւելցնելով. «Յստակ է, որ ռազմակայանին դէմ ամերիկեան հրթիռակոծումի պատրաստութիւնը սկսած էր երկար ատենէ ի վեր»: Նախարարութիւնը նշեց, որ մօտ օրէն Սուրիոյ մէջ հակահրթիռային համակարգի ամրապնդման համար շարք մը միջոցառումներ պիտի որդեգրուին:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մտահոգութիւն յայտնեց, «որովհետեւ Թրամփի վարմունքը կը հակասէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաքելութեան շուրջ անոր յայտարարութիւնները», որովհետեւ օդային հարուածները վնաս պատճառած են այդ պայքարին եւ «իրողութեան մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ի շահ կատարուած են»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտարարեց. «Ամերիկեան օդային հարուածները յարձակում են գերիշխան պետութեան մը դէմ»:

Նշենք, որ Ռուսիա եւ Իրան խստօրէն դատապարտեցին ամերիկեան յարձակումը, իսկ Բրիտանիա, Աւստրալիա, Թուրքիա, Իսրայէլ, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, Լեհաստան եւ Ինտոնեզիա դրականօրէն արձագանգեցին:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ ամերիկեան հարուածները դրական հակադարձութիւն են Ասատի ոճիրներուն, եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիներ ստեղծելու:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+