​Եգիպտոսի Մէջ Ղպտիական Եկեղեցիներու Դէմ Ահաբեկչական Ահաւոր Արարքներու Շարք Մը Խլեց Տասնեակներով Զոհե - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

10 Nisan 2017  

​Եգիպտոսի Մէջ Ղպտիական Եկեղեցիներու Դէմ Ահաբեկչական Ահաւոր Արարքներու Շարք Մը Խլեց Տասնեակներով Զոհե -

​Եգիպտոսի Մէջ Ղպտիական Եկեղեցիներու Դէմ Ահաբեկչական Ահաւոր Արարքներու Շարք Մը Խլեց Տասնեակներով Զոհե ​Եգիպտոսի Մէջ Ղպտիական Եկեղեցիներու Դէմ Ահաբեկչական Ահաւոր Արարքներու Շարք Մը Խլեց Տասնեակներով Զոհեր

Երէկ, Ծաղկազարդի տօնին ընթացքին ականահարուեցաւ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի հիւսիսը գտնուող Թանթա շրջանին մէջ գտնուող ղպտիներու Ս. Գէորգ եկեղեցին, որմէ ետք նաեւ ականահարուեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտիներու Ս. Մարկոս եկեղեցին: Երրորդ ականահարում մը տեղի ունեցաւ Թանթայի մէջ ոստիկանութեան մարզումի կեդրոնի մը մօտ, իսկ Թանթայի մէջ Պատաուի մզկիթին մօտ ական մը յայտնաբերուեցաւ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թանթայի մէջ արձանագրուած է 30 զոհ, իսկ եգիպտական լրատուամիջոցներ նշեցին, որ վիրաւորներուն թիւը շուրջ 50 է: Ըստ եգիպտական պատկերասփիւռի կայանին, ականը զետեղուած էր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներուն յատկացուած աթոռներուն առաջին շարքին վրայ: Հարիւրաւոր ղպտիներ եկեղեցւոյ մօտ ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով պատժել ահաբեկիչները:

Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, Աղեքսանդրիոյ Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ պայթումին պատճառով արձանագրուած է 11 զոհ եւ 36 վիրաւոր: Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ականուած գօտի կրող ահաբեկիչ մը եկեղեցի իր մուտքը կանխարգիլած ապահովական ուժերուն մօտ ինքզինք պայթեցուցած է:

Ղպտիներու Թէոդորոս Բ. պապին բանբերը յայտնեց, որ ահաբեկիչ մը ինքզինք պայթեցուցած է այն եկեղեցւոյ առջեւ, ուր պապը կ՛աղօթէր` աւելցնելով, որ Թէոդորոս պապին «առողջութիւնը լաւ է»:

Աւելի ուշ պապը հաստատեց, որ նման զազրելի ահաբեկչական արարքներ հարուած պիտի չհասցնեն Եգիպտոսի ժողովուրդին միասնականութեան:

Աւելի ուշ ՏԱՀԵՇ ընկերային ցանցի ճամբով ստանձնեց երկու եկեղեցիներուն ականահարման պատասխանատուութիւնը` «խոստանալով յաւելեալ յարձակումներ սանձազերծել Եգիպտոսի ղպտիներուն դէմ»:

Ֆրանչիսկոս պապը, որ այս ամիս պիտի այցելէ Գահիրէ, դատապարտեց երկու ականահարումները:

Եգիպտոսի կառավարութիւնը երեք օր սուգ յայտարարեց Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ արձանագրուած զոհերուն համար:

Նախագահ Սիսի յայտարարեց, որ Եգիպտոսի մէջ երեք ամսուան արտակարգ դրութիւն պիտի տիրէ` երկիրը պաշտպանելու եւ անոր կարողութիւններուն վնաս հասցնելը արգիլելու համար: Ան նշեց, որ եգիպտացիները արգիլեցին ահաբեկչական կազմակերպութեան մը փորձը ձեռք դնելու երկրին իշխանութեան` դիտել տալով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը երկար ժամանակի կը կարօտի, եւ բացառուած չէ, որ Եգիպտոս նոր զոհեր տայ: Նախագահը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ փորձ պիտի կատարուի եգիպտացիներուն միջեւ սեպ խրելու եւ անոնց համակեցութիւնը պառակտելու: Ան կոչ ուղղեց` չընկրկելու, պայքարելու եւ հրաւիրեց միջազգային ընտանիքը ահաբեկչութեան զօրակցող երկիրները հաշուետուութեան կանչելու:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հաստատեց, որ իր երկիրը լիովին կը զօրակցի Եգիպտոսի` իր դժուար օրերուն եւ ապրած զգայուն վիճակին մէջ: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա իր ամբողջ ուժն ու կարողութիւնը կը դնէ ի սպաս եգիպտական իշխանութիւններուն` պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ:

Երեկոյեան ուշ ժամերուն եգիպտական «Եոմ Սապեհ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ապահովական աղբիւրներ յայտնած են, թէ 20 կասկածելիներ ձերբակալուած են` Թանթայի եկեղեցւոյ պայթումը կատարած ըլլալնուն համար:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+