​«Եթէ Թուրքիան Վերականգնէ Մահապատիժը, Ատիկա Կարմիր Գիծ Պիտի Ըլլայ Եւրոպայի Համար» Կ՛ըսէ Թայանի - Հայերէն
16 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

20 Nisan 2017  

​«Եթէ Թուրքիան Վերականգնէ Մահապատիժը, Ատիկա Կարմիր Գիծ Պիտի Ըլլայ Եւրոպայի Համար» Կ՛ըսէ Թայանի -

​«Եթէ Թուրքիան Վերականգնէ Մահապատիժը, Ատիկա Կարմիր Գիծ Պիտի Ըլլայ Եւրոպայի Համար» Կ՛ըսէ Թայանի ​«Եթէ Թուրքիան Վերականգնէ Մահապատիժը, Ատիկա Կարմիր Գիծ Պիտի Ըլլայ Եւրոպայի Համար» Կ՛ըսէ Թայանի

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանի յայտնած է, որ եթէ Թուրքիան «կ՛ուզէ մնալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր, ապա պարտաւոր է հետեւիլ քոփենհակընեան չափանիշներուն եւ պահպանել իշխանութեան ճիւղերու զսպումի եւ հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւնը»:

«Մենք պէտք է պաշտպանենք եւրոպական սկզբունքներն ու արժէքները, ինչ որ նաեւ կը պահանջենք թեկնածու երկիրներէն: Հակառակ պարագային Եւրոպական Միութեան համար ատիկա համազօր պիտի ըլլայ սեփական դարպասներուն կոլ նշանակելուն: Մենք պէտք է հաշուի առնենք նաեւ այն, որ Թուրքիոյ բնակչութեան կէսը հանրաքուէի ընթացքին չէ պաշտպանած սահմանադրական բարեփոխումները», ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը:

Ինչ կը վերաբերի մահապատիժը վերականգնելու Թուրքիոյ ծրագիրներուն, Թայանի նշած է, որ մահապատիժը Թուրքիան ետ կը տանի 2004 թուական, երբ մահապատիժը ջնջուեցաւ, եւ կարմիր գիծ պիտի ըլլար Եւրոպայի համար` միակ ցամաքամասին, ուր մահապատիժ գոյութիւն չունի»:

«Եթէ Թուրքիան վերականգնէ մահապատիժը, ապա վերջնականապէս կը հրաժարի Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու կարելիութենէն», շեշտած է Թայանի` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան հետ կապերու խզումը նախ եւ առաջ նպաստաւոր պիտի չըլլայ ինքնին Թուրքիոյ համար:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+