«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ -  
 
	
 
	«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ
	
	 
	 
	
	Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին հարցը արգելք չի հանդիսանար սուրիական տագնապի լուծման»:
Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան անդամ 15 երկիրներու դեսպաններուն մասնակցութեամբ ընթրիքի ընթացքին նշեց, որ «Ասատի ճակատագիրին ճշդումը կը վերաբերի սուրիացի ժողովուրդին»` աւելցնելով. «Ասատի մնալը կամ հեռանալը կարեւոր չէ, կարեւորը քաղաքական հոլովոյթն է, Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան եւ մարտական գործողութիւններուն դադրեցումը»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել Ասատը իշխանութեան վրայ ձգելու պարագային:
«Ասատը սուրիական հարցի հաւանական կարգաւորման համար չի կրնար լուծում ըլլալ: Սուրիան պէտք է ազատագրուի Ասատէն, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծում գտնել», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:
Ըստ Էրտողանի, «Ասատը իր ժողովուրդին դէմ յարձակում գործած է հրասայլերով, թնդանօթներով, ռումբերով, քիմիական զէնքով ու կործանիչներով: Ի՞նչ կը կարծէք, ան կրնա՞յ նպաստել խնդիրի լուծման»:
Իր խօսքին մէջ Էրտողան ընդգծած է, որ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը կրնան իրարու միանալ եւ օգնել Սուրիոյ ժողովուրդին սեփական որոշում տալու:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com