​«Թուրքիան Կրնայ Գիշերով Ներխուժել Իրաք Եւ Սուրիա» Կ՛ըսէ Էրտողան - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

01 Mayıs 2017  

​«Թուրքիան Կրնայ Գիշերով Ներխուժել Իրաք Եւ Սուրիա» Կ՛ըսէ Էրտողան -

​«Թուրքիան Կրնայ Գիշերով Ներխուժել Իրաք Եւ Սուրիա» Կ՛ըսէ Էրտողան ​«Թուրքիան Կրնայ Գիշերով Ներխուժել Իրաք Եւ Սուրիա» Կ՛ըսէ Էրտողան

Անգարա պիտի չհանդուրժէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ներկայութիւնը Իրաքի Սինճար նահանգին եւ Սուրիոյ հիւսիսը: «Փրես Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին շաբաթ օր յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Թուրքիան գիտէ ի՛նչ եւ ե՛րբ ընել, մենք կրնանք այնտեղ հասնիլ գիշերով` շատ յանկարծակի», յայտարարած է ան:

Այս յայտարարութիւնը յաջորդած է թրքական օդուժին կողմէ իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ ՔԱԿ-ի տասնեակէ աւելի զինեալներու սպանութեան: Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի հաղորդագրութեան համաձայն, շաբաթ օր կատարուած օդային հարուածին պատճառով երկու տարբեր շրջանի մէջ 14 քիւրտ զինեալ սպաննուած է:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան, խօսելով Սուրիոյ մէջ քիւրտ-ամերիկեան աշխուժ համագործակցութեան մասին, յայտարարած է, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը կը կրկնէ Օպամայի օրերուն գործուած սխալները:

«Մենք շատ տխրած ենք այս հարցով: Օպամայի ժամանակ սկսածը այժմ եւս կը շարունակուի, պէտք է դադրեցնել ատիկա», ըսած է Էրտողան:

Ան դարձեալ պնդած է, որ Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իբրեւ օգնութիւն Միացեալ նահանգներէն ստացած զէնքերը կը վերավաճառեն ՏԱՀԵՇ-ին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+