​Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկուած Է Իրանեան Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Հիմնադիրը - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

01 Mayıs 2017  

​Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկուած Է Իրանեան Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Հիմնադիրը -

​Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկուած Է Իրանեան Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Հիմնադիրը ​Պոլսոյ Մէջ Ահաբեկուած Է Իրանեան Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Հիմնադիրը

Պարսկերէն «Ճեմ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հիմնադիրն ու տնօրէնը սպաննուած է Պոլսոյ մէջ: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ 45-ամեայ Սայիտ Քարիմեան իր քուէյթցի գործընկերոջ հետ սպաննուած է Պոլսոյ Մասլաք թաղամասին մէջ: Զինք ահաբեկողներուն ինքնաշարժը հետագային հրկիզուած գտնուած է:

Քարիմեան նախապէս Իրանի դէմ քարոզչութիւն կատարելուն համար ի բացակայութեան վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է թեհրանեան դատարանի մը կողմէ:

Ան տեղւոյն վրայ մահացած է, երբ դիմակաւոր զինեալներ շաբաթ երեկոյեան կրակ բացած են իր ինքնաշարժին վրայ: Անոր գործընկերը հետագային մահացած է հիւանդանոցին մէջ:

«Ճեմ Թի.Վի.»-ն, որ օտար ու արեւմտեան յայտագիրներ պարսկերէնի կը թարգմանէ եւ կը սփռէ դէպի Իրան, իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ քննադատուած է իսլամական արժէքներուն դէմ յայտագիրներ ցուցադրելուն եւ արեւմտեան մշակոյթը տարածելուն համար:

Քարիմեանի ընտանիքին անդամները «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած են, որ Քարիմեան վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին իրանեան վարչակարգին կողմէ սպառնալիքներ ստացած է եւ այդ պատճառով ալ կը ծրագրէր Պոլիսէն հեռանալով վերադառնալ Լոնտոն:

Բայց եւ այնպէս թրքական կառավարութենէն աղբիւրներ յայտնած են, որ սպանութիւնը կրնայ առնչուած ըլլալ անոր գործին եւ քրէական խմբաւորումներու հետ:

«Ճեմ կրուփ»-ը հիմնուած է Լոնտոնի մէջ, սակայն հետագային իր գործունէութիւնը ընդլայնած է Տուպայի մէջ: Ըստ ընկերութեան կայքին, անիկա 17 պարսկերէն կայաններ ունի, ինչպէս նաեւ մէկական քրտերէն, ազրպէյճաներէն եւ արաբերէն կայան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+