​Թրամփի Եւ Թիլըրսընի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Ռուսիա Եւ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

11 Mayıs 2017  

​Թրամփի Եւ Թիլըրսընի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Ռուսիա Եւ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան -

​Թրամփի Եւ Թիլըրսընի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Ռուսիա Եւ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան ​Թրամփի Եւ Թիլըրսընի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Ռուսիա Եւ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Աշխարհագրական Տուեալներուն Շուրջ Սկզբու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ իր հանդիպումներէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկացի երկու ղեկավարներուն հետ քննարկած է երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Քննարկուած են Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, Աֆղանիստանի եւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապները:

Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներու նախագահները երէկուան քննարկումներէն շօշափելի արդիւնքներ կը սպասեն: «Այդ բոլոր հարցերուն լուծման ուղղութեամբ ընթանալու փափաք մը գոյութիւն ունի… նախագահ Թրամփ եւ նախագահ Փութին պատրաստակամ են ձեռք բերելու շօշափելի արդիւնքներ, որոնք կրնան օժանդակել միջազգային օրակարգի վրայ գտնուող խնդիրներու վերացման», ըսաւ ան:

Ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը ըսաւ, որ երկու կողմերը համաձայնած են, որ միջազգային հարցերը պէտք է լուծուին միասնական ջանքերով: Ան ըսաւ, որ քննարկուած է սուրիական տագնապի լուծման եւ ռուսական հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման հարցերը:

«Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու աշխարհագրական տուեալներուն շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցին», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով. «Այսօր քննարկած ենք այդ համաձայնութիւնները միասնաբար գործադրելու յատուկ ձեւեր»:

«Մենք ի հարկէ կ՛ողջունենք այդ հարցին շուրջ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը եւ կը յուսանք, որ ատիկա նպաստէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման ուղղութեամբ յառաջընթացին», նշեց Լաւրով:

«Թրամփի հետ համաձայն ենք, որ Սուրիոյ մէջ կատարուելիք ամէնէն կարեւոր բանը ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելն է», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+