​«Ռուսիան Կրնայ Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դեր Կատարել» Կ՛ըսէ Պոկտանով - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

12 Mayıs 2017  

​«Ռուսիան Կրնայ Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դեր Կատարել» Կ՛ըսէ Պոկտանով -

​«Ռուսիան Կրնայ Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դեր Կատարել» Կ՛ըսէ Պոկտանով ​«Ռուսիան Կրնայ Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դեր Կատարել» Կ՛ըսէ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ Մոսկուա կրնայ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանի միջեւ միջնորդի դեր կատարել` նշելով, որ ատիկա դժուար գործ է, սակայն այլընտրանքը չկայ:

Պոկտանով յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին գործելաոճը «գաղափարաբանութիւն չի պարունակեր», եւ «Թրամփ գործնապաշտ անձ մըն է եւ կը սիրէ շօշափելի արդիւնքները»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութեան, ան ըսաւ, որ «Սուրիա գերիշխան երկիր է, ունի ղեկավարութիւն, ուստի ի հարկէ պէտք է անոր հետ խորհրդակցիլ թոյլտուութիւն ստանալու համար»` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու հաստատման մանրամասնութիւններու քննարկումներուն Ամերիկայի եւ Յորդանանի մասնակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է»:

Պոկտանով շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները արմատախիլ ընելէ ետք հաւանականօրէն ստեղծուելիք տեղական խորհուրդները պէտք չէ օրինական իշխանութեան այլընտրանքը ըլլան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու սահմանագծումը պիտի կատարուի աշխատանքային խմբակի մը կողմէ, որ ստեղծուեցաւ Ասթանայի բանակցութիւններէն ետք:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+