​Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Նոր Հրթիռի Մը Փորձառկումէն Ետք. Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ` Փիմոնկեանկին Դէմ Աւելի - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

15 Mayıs 2017  

​Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Նոր Հրթիռի Մը Փորձառկումէն Ետք. Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ` Փիմոնկեանկին Դէմ Աւելի -

​Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Նոր Հրթիռի Մը Փորձառկումէն Ետք. Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ` Փիմոնկեանկին Դէմ Աւելի ​Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Նոր Հրթիռի Մը Փորձառկումէն Ետք. Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ` Փիմոնկեանկին Դէմ Աւելի Ուժեղ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէա շաբաթ գիշեր արձակած է հրթիռ մը, որ ինկած է Ճափոնի ծովուն մէջ: Բանակը նշեց, որ հրթիռին հասողութիւնը չի համապատասխաներ բալիսդրական միջցամաքային հրթիռի եւ վտանգ չի ներկայացներ Հիւսիսային Ամերիկայի:

Ճափոն եւ Հարաւային Քորէա յայտարարեցին, որ նշեալ հրթիռը 30 վայրկեան տեւող իր թռիչքին ընթացքին կտրած է շուրջ 700 քիլոմեթր: Հրթիռը արձակուած է մայրաքաղաք Փիոնկեանկէն հիւսիս արեւելք գտնուող Քոսնոնկ ռազմակայանէն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կոչ ուղղեց` Հիւսիսային Քորէային դէմ աւելի ուժեղ պատժամիջոցներ հաստատելու: Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց. «Հիւսիսային Քորէայի վերջին սադրիչ արարքը պէտք է բոլոր երկիրներուն իբրեւ կոչ ծառայէ` անոր դէմ աւելի ուժեղ պատժամիջոցներ հաստատելու»:

Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Չինաստան մտահոգ են Փիոնկեանկի կողմէ հրթիռարձակումէն եւ ՄԱԿ-ի որոշումներու ոտնահարումէն ետք Քորէական թերակղզիին վրայ լարուածութեան աճէն:

Փեսքով յայտնեց, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինկ Փինկ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջինիս Փեքին այցելութեան ծիրին մէջ «Քորէական թերակղզիին մէջ տիրող կացութիւնը քննարկեցին մանրամասնօրէն եւ արտայայտեցին լարուածութեան աճին նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Չինաստան կը բողոքէ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի ոտնահարման դէմ»` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերը պէտք է դիմեն ինքնազսպումի եւ կանխարգիլեն լարուածութեան աճը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+