Թրքական Բռնութիւնը Անընդունելի է -
Թրքական Բռնութիւնը Անընդունելի է
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Foxnews հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է նախորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահի անվտանգութեան աշխատակիցներու կողմէ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններուն:
Ան նշած է, որ Միացեալ նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` քննարկելու ստեղծած իրավիճակը: Նախարարութիւնը տեղի ունեցածը ուղղակի անընդունելի համարած է:
«Կ՛ընթանայ քննութիւն: Մենք կը սպասենք եւ կը տեսնենք, ինչ կը պարզէ քննութիւնը: Բայց մենք յայտնած ենք Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցածին վերաբերեալ մեր վրդովմունքը»,- ըսած է նախարարը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com